image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անգարայի ուղերձները պատուհանի եւ խաւարի մասին

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անգարայի ուղերձները պատուհանի եւ խաւարի մասին

Բացուած պատուհանէն խաւարէն դուրս գալու համար Անգարան այս ուղերձով կ՛առաջարկէ ընդունիլ Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան առաջարկը:

Մնացեալ ուղերձ-առաջարկներու հրապարակումներու իրաւունքը  վերապահուած է Ազրպէյճանի նախագահին, որ կը խօսի Արարատի փոխարինման, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին եւ այլ ենթաուղերձներու մասին:

Չի բացառուիր, որ դիւանագիտական անձերու եւ երրորդ երկրի քաղաքացիներուն համար սահմանը բանալէն եւ Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգման աշխատանքներէն առաջ Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան շուրջ բանակցութիւններ սկսին: Ակնարկուած պատուհանի օգտագործումով խաւարէն դուրս գալու համար:

Ապրիլ 24-ի հերթական նշումի օրերուն Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները երեք բաժին ունին: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը պաշտօնապէս ուղղուած Երեւանին, ցաւակցութիւնը` Պոլսոյ պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին:

Ուղերձները պաշտօնական հասցէներ ունին, այդուհանդերձ հրապարակային ըլլալով բազմաթիրախային են:

Թուրքիոյ նախագահին ուղերձին մէջ առանցքը դասական մարտավարութիւնն է: Սփիւռքը հակադրել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ պատգամել, որ Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է ձերբազատին այդ արգելանքներէն եւ շարժին դէպի առջեւ: Այստեղ կը շեշտուի պահը օգտագործելու, բաց չթողելու պատգամը: Կ՛ըսուի, որ Երեւանը կը գիտակցի պահու կարեւորութեան կամ ճանապարհային նոր քարտէս մշակելու անհրաժեշտութեան: Ուրեմն անհիմն յիշողութիւններէ ձերբազատելու պահն է, բաց պատուհանը օգտագործելու առիթն է եւ սփիւռքի ներքաշած խաւարէն դուրս գալու ժամանակն է:

Աւանդական մարտավարութիւն է նաեւ Պոլսոյ պատրիարքութեան ճամբով հայ ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցութիւնը: Աւելի ճիշդը, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներու ժառանգորդներուն: այն քաղաքացիներուն, որոնք զոհ գացած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն: Իսկ այստեղ այդ զոհերու պայմանները կը բնութագրուին. Թուրքիոյ նախագահը  ցաւ կը յայտնէ օսմանեան հասարակութեան բոլոր անդամներուն համար, որոնք զոհուած կամ նահատակուած են տագնապներու, ապստամբութիւններու, խմբաւորումներու շարժումներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով: Հասարակաց ցաւի այս տեսութեան մէջ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները որեւէ ձեւով իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացի չնկատելու, չլուսանցքայնացնելու կամ քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները յարգելու սկզբունքը գործադրելու նկատմամբ:

Հիմա, երրորդ ուղերձը, որ կը պատկանի Անգարայի արտաքին գերատեսչութեան: Հիմնական բաժինը այն է, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատողները պարզապէս կը հաճոյանան արմատականներուն եւ կը քաջալերեն, որ անոնք ծայրայեղութիւններու դիմեն: Բուն ուղերձը վերյիշելն է, որ Անգարան առաջարկ կատարած է Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման, եւ թէ այդ առաջարկը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ:

Անմիջապէս նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղերձները փոխկապակցելով պարզ կը դառնայ, որ պահն է Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման: Այդ պահու կարեւորութեան կը գիտակցի Երեւանը, սակայն արմատական սփիւռքն է, որ իր ծայրայեղական կեցուածքներով կ՛արգելակէ այդ գործընթացը:

Անտրամաբանական պիտի չըլլայ ենթադրելը, որ այս առաջարկը Անգարա-Երեւան երկխօսութեան կ՛արծարծուի: Անգարայի կեցուածքը յստակ է եւ բանաձեւուած պատրիարքութեան յղուած ցաւակցագիրին մէջ: Խնդիրը Երեւանին կը վերաբերի, որ արմատականութենէ ձերբազատելու համար Արարատի փոխարինումի առաջարկ կը կատարէ, Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապի վերացման մասին ենթահող կը պատրաստէ, պատմական հայրենիքէն իրական հայրենիք յղացքային վերադարձ կատարելու կոչ կ՛ընէ: Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով է, որ Թուրքիոյ նախագահը սփիւռք-Հայաստանի Հանրապետութիւն դասական հակադրումի մարտավարութենէն անդին կ՛անցնի եւ կը շեշտէ, որ Երեւանը գիտակից է ու հասկցած բացուած պատուհանէն դուրս եւ ներս նայելու կամ ստեղծուած քաղաքական պահը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը:

«Ա.»