image

ԱՀԱԸ-ի Համար «Քէմփ Արմէն»ը դարձեալ ծաղկուն տեսնելը միշտ առաջնային

ԱՀԱԸ-ի Համար «Քէմփ Արմէն»ը դարձեալ ծաղկուն տեսնելը միշտ առաջնային

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը  հաստատակամ կը մնայ  Պոլսոյ «Քէմփ Արմէն» (Քէմփը կը գտնուի Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ) անունով պատմական ճամբարը դարձեալ ոտքի հանելու յանձնառութեան առընթեր։

Նոյն առումով ալ ԱՀԱԸ-ն յանձնառու իր պատասխանատու կեցուածքին օրերս տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Ինչպէս երէկ, այսօր ու  վաղն ալ «Արեւելք»ի համար Պոլսոյ հայկական ժառանգութիւնը,  հայկական բոլոր կառոյցները ու նաեւ մեր հայրենակիցներու կերտած  ժառանգութիւնն ու այսօրուայ հարստութիւնը կը շարունակեն մնալ առաջնային ու կենսական։

ԱՀԱԸ-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Միչիկընի Միլֆորտ քաղաքէն՝ Ուիլիամ Տէրեանին՝ այս գեղեցիկ արուեստի գործը ստեղծագործելու եւ «Հրանդ Տինք» դպրոցին նուիրաբերելու համար։ «Հրանդ Տինք»  ամէնօրեայ վարժարանը (յատուկ՝ Հայաստանցի սաներու), կը գտնուի Պոլսոյ Կէտիկփաշայի մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

19 Յունուար 2007 թուականին աշխարհը կորսնցուց իւրայատուկ հերոս մը, որ կը պայքարէր յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։

Այս ողբերգական կորուստէն 17 տարի անց, ԱՀԱԸ-ը դեռ կը յիշէ եւ երբեք պիտի չմոռնայ թրքահայ լրագրող՝ Հրանդ Տինքը։

Ան ոչ միայն նշանաւոր գործիչ էր, այլեւ՝ Պոլսոյ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամ։ Ան մեծցած էր «Քէմփ Արմէն»ի մէջ՝ Հրանդ Կիւզէլեանի, 1962 թուականի տեսիլքի հիման վրայ կառուցուած ճամբարին մէջ, որ կը պատկանէր եւ կը գործէր Եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ:

Այս երկու նուիրեալները կը փորձէին ներգործութիւն ունենալ հայ սերունդներուն վրայ, եւ ԱՀԱԸ-ն կը ձգտի շարունակել իրենց ժառանգութիւնը՝ «Վերակառուցելով տեսլականը»:

Մեր նպատակն է ամէն ճիգ ի գործ  դնել նոր «Քէմփ Արմէն»ը վերածելով Թուրքիոյ առաջին հայկական ճամբարի, որ կը գործէ որպէս ժամանակակից կեդրոն,  եւ կը ծառայէ Հայ Աւետարանական, կաթողիկէ եւ Առաքելական համայնքներու հայ պատանիներուն, ողջ տարուան ընթացքին՝ հայթայթելով անհրաժեշտ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր զարգացման միջոցառումներ, վերապատրաստուած անձնակազմի եւ կամաւորներու  աջակցութեամբ։

Վերակառուցումը կը ներառէ.

• 100 երեխայ տեղաւորող մանկական հանրակացարան

• Ուսուցիչներու հանրակացարաններ

• Երաժշտութեան, արուեստի եւ արհեստագործական արհեստանոցներ

• Ցուցահանդէսներու վայրեր

• 200 հոգինոց լսարան

• Բազմատեսակ աշխատանքներու սենեակներ

• Համակարգչային օգնութեամբ նախագիծերու մշակման յատուկ «սթիւտիօ»ներ

• Վարչական գործերու սենեակներ

Միացէ՛ք մեզի եւ դարձէ՛ք այս տեսլականի մէկ մասը:

Նուիրեցէ՛ք եւ պահպանեցէ՛ք ժառանգութիւնը՝ http://weblink.donorperfect.com/RebuildingCampArmen

«Քէմփ Արմէն»ի վերակառուցման մասին աւելին իմանալու համար սեղմեցէք հետեւեալ յղումը՝ https://amaa.org/camparmen/