image

Աղաւնոյի մէջ շահագործման յանձնուած է 12 բնակարան

Աղաւնոյի մէջ շահագործման յանձնուած է 12 բնակարան

9 Մայիսին, Արցախի Հանրապետութեան Աղաւնոյ համայնքին մէջ կայացած է 12 բնակելի տուներու յանձնման արարողութիւն: Տուները կառուցուած են մինչեւ պատերազմը, շատերուն մէջ դեռ որոշ աշխատանքներ կ՝ընթանան: Այս մասին կը տեղեկանանք «Ապառաժ»-էն։

Կարմիր ժապաւէնի կտրման պատիւը տրուած է 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ զոհուած, Աղաւնոյի բնակիչներ Արմէն Իսախանեանի եւ Սասուն Առաքելեանի մայրերուն: Իր խօսքին մէջ Արմէնի մայրը՝ տիկին Էմման նշած է, որ 1994թ. հաստատուած է Աղաւնոյի մէջ եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքարած: Ան կոչ ըրած է ներկաներուն ըլլալ զգօն, շարունակել պայքարը՝ յանուն այս հողի համար թափած արեան:

«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանը նշած է, որ բնակարաններու բաշխումը կատարուած է մշտապէս ապրող բնակիչներուն միջեւ: «Այնուհետեւ, մինչեւ Մայիս 28 ժամանակ տուած ենք, որ գիւղէն հեռացածները վերադառնան: Եթէ չի վերադառնան, երկրորդ փուլով պիտի բաշխենք նաեւ այն տուները, ուր մարդ չ՝ապրիր: Եթէ չեն մնար, տունը՝ ապրողին, հողը՝ մշակողին»,- ըսած է Ա. Չաւուշեան:

 


 

Ըստ համայնքի ղեկավարին՝ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնտ»-ի յանձնախումբին միջոցներով աւարտած է դպրոցի մէկ մասին վերանորոգումը, այժմ կ՝ընթանան բժշկական կէտի կեդրոնի կառուցման աշխատանքները, այնուհետեւ խաղահրապարակ պիտի կառուցուի: Համայնքի ղեկավարը նաեւ կարեւոր կը համարէ բնակիչներու զբաղուածութեան հարցին լուծումը, որուն համար կ՝ակնակալէ բոլոր հայերուն աջակցութիւնը:


 

Քանի մը ամիս առաջ բնակիչները տարակուսանքի մէջ էին՝ գիւղը հայկական պիտի մնա՞յ, թէ՝ ոչ: «Հայկական մնալը կապուած է այստեղ ապրող հայերուն հետ: Եթէ մնանք, ոչ մէկ ուժ կրնայ մեզի այստեղէն հանել: Մենք ձեռքերնիս ծալած չենք նստիր, պաշտպանելու եւ պաշտպանուելու իրաւունք ունինք: Մեր տղոց արեամբ գծուած սահմնները մենք պէտք է որոշենք»,- ըսած է դաշնակցական գիւղապետը:

9 Մայիսին՝ Եռատօնին, կայացած տուներու բաշխման արարողութիւնն ալ իր խորհուրդը ունի. «Մեզի համար «Հարսանիք լեռներում»-ը դարձեալ պիտի գայ: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՝աշխատինք: Մենք պիտի մնանք այս հողին վրայ եւ պիտի նշենք այդ օրը: Ի հարկէ, ոչինչ առաջուան պէս չէ, վիրաւոր ենք, բայց հաստատ պիտի նշենք յաղթանակներու օրը: Հայը իրաւունք չունի գաղթական վիճակի մէջ ապրելու»:

 

 

Նոր բնակարանամուտ տօնած Քնարիկ Կարապետեանը մինչ պատերազմը Մարտակերտի շրջանի Նոր Հայկաջուր համայնքին մէջ  կ'ապրէր: Գիւղի յանձնումէն ետք ամուսինին եւ երկու երեխաներուն հետ հաստատուած է հայրենի Աղաւնոյի մէջ: «Երեխաների համար այստեղ ապագայ տեսնում եմ, գիւղում դպրոց, մանկապարտէզ է գործում ու ՀՀ-ին էլ մօտիկ է»,- նշած է Քնարիկ Կարապետեանը:

2016թ. Աղաւնօ բնակող Թամար Թիթիզեանն ալ հարազատ դարձած բնակավայրի զարգացման իր ծրագրերն ունի. «Մտադիր եմ խանութ բանալ, որովհետեւ այստեղ չկայ եւ մարդիկ Տեղ գիւղէն առեւտուր կը կատարեն: Առաջիկային գիւղին մէջ նաեւ հաց թխելու հնարաւորութիւն կ'ունենանք: Կը կարծեմ, բնակչութիւնը ասով աւելի կը քաջալերուի, մենք վախնալու, վհատելու իրաւունք չունինք»:


Անոր խօսքով՝ նախապէս 9 մայիսը հպարտութեամբ կը նշէին, յատկապէս հայրենադարձութենէն ետք: Բայց համոզուած է, որ ետ պիտի բերենք մեր յաղթանակները: Թամարի եւ Վարուժանի ընտանիքին մէջ առաջիկային համալրում պիտի ըլլայ՝ զոյգ որդիներ պիտի ունենան, որոնց մտադիր են դուստրին հետ մեծցնել Աղաւնոյի մէջ: