image

900 ատրպէյճանցիներ միացած են ISIS-ին

900 ատրպէյճանցիներ միացած են ISIS-ին

Ատրպէյճանի շուրջ 900 քաղաքացի միացած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ու այլ ապօրինի խմբաւորումներու, անօրինական ճանապարհով հասնելով Սուրիա կամ Իրաք: Այս մասին  «Ինթէրֆաքս Ատրպէյճան»ին յայտնած է երկրի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աղբիւրը:


Գործակալութ
եան զրուցակիցը շեշտած է, որ իրենց ունեցած տեղեկութիւններով, այս ատրպէյճանցիներուն զգալի մասը սպաննուած է զինուած բախումներու ժամանակ: