Պոլսահայ համայնքային կեանքին մէջ կան նուիրեալներ, որոնց ծառայութիւնը յաճախ կը մնայ եկեղեցւոյ պատերուն, սրբազան սպասներուն եւ անաղմուկ կատարուած աշխատանքներուն մէջ, սակայն իր խորքով կը դառնայ հաւատքի ու ազգային պատկանելիութեան կենդանի վկայութիւն։ Այդպիսի եկեղեցանուէր ազգայիններէն է Տիար Մկրտիչ Մէրթշիմշէք, որ երկար տարիներ իր հմտութիւնն ու աշխատանքը ի սպաս դրած է մեր եկեղեցիներու գոյքերու եւ արժէքաւոր իրերու պահպանման ու վերանորոգման գործին։
Օրերս Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ բարեզարդուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին արժանաւորապէս գնահատուեցաւ նաեւ Տիար Մկրտիչ Մէրթշիմշէքի այս նուիրեալ ծառայութիւնը։ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը անոր շնորհեց Օրհնութեան Գիր՝ ընդգծելով համայնքին մէջ անոր անձին հանդէպ գոյացած անվերապահ սէրն ու յարգանքը։ Այս գնահատանքը միայն անձի մը աշխատանքի արժեւորումը չէր, այլ նաեւ պատգամ մը՝ ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք լուռ, հետեւողական եւ հաւատարմօրէն կը ծառայեն եկեղեցւոյ եւ համայնքին։
Այս առիթով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին, 12 Յուլիս 2026, Կիրակի առաւօտ, կատարուեցաւ նաեւ Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։
Քանի եկեղեցին բարեզարդուած էր, նորօծ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Նորին Ամենապատուութիւնը: Մասնակցեցան Եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան: Առընթերակայ էին Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի։
Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ նախ անդրադարձաւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ համար յոյժ կարեւոր այս օրուան իմաստին ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց վերջին նորոգութիւնը, ըսաւ որ այսօր տօն է յատկապէս Սկիւտարի համար իր բարեզարդուած, նոր դարձած եկեղեցիով: Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը, Ռաֆֆի Գրիգորեանի ատենապետած թաղային խորհուրդը, բոլոր սպասաւորները, բարերարներն ու սատարողները:
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա խօսեցաւ Վարդավառի՝ իսկական անունով այլակերպութեան կամ պայծառակերպութեան տօնին մասին:
Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց մարդ արարածը մեծապէս մտատանջող հարցումը՝ «ո՞վ եմ ես» եւ ըսաւ թէ պայծառակերպութեան հրաշալի դէպքով Տէր Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ով էր ինք եւ կարեւորեց Ս. Հոգիի ներգործութիւնը, որ այս պարագան յայտնած էր առաքեալներուն: Պայծառակերպութեան դէպքով յայտնուեցաւ, որ այդ խոնարհ վարդապետը Աստուածային բնութիւն ունէր:
Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ Յիսուս կը յիշեցնէ թէ Ինք լոյս է: Մենք ալ լոյս պէտք է ըլլանք, մաքուր ու ջինջ լոյս պէտք է սփռենք մեր սիրով:
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Մկրտիչ Մէրթշիմշէքի եկեղեցական գոյքերու եւ իրերու նորոգչական աշխատանքները եւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. կարդաց անոր ուղղեալ օրհնութեան գիրը, որու աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը կ’ըսէ. «Մենք, որպէս առաջին սպասաւորը մեր համայնքին, հոգեւոր ուրախութեամբ կը նկատենք Ձեր անձին նկատմամբ սնուցուած անվերապահ սիրոյ եւ յարգանքի զգացումը, գոհունակութեամբ կ՚ընդառաջենք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վարդապետի, Թաղային Խորհուրդի անդամոց խնդրանքներուն, եւ կը շնորհենք սոյն Օրհնութեան Գիրը կցելով Մեր աղօթքները…»:
Յաւարտ Ս. Պատարագի պաշտօն կատարուեցաւ Եկեղեցւոյ սատարողներու հոգւոցն ի հանգիստ, ինչպէս նաեւ մատաղօրհնութիւն եւ հուսկ՝ բացօդեայ անդաստան, ուր սպիտակ աղաւնիներ արձակուեցան:
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Սիրոյ սեղանը եւ հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ:
.jpeg)
