image

3 Հոգիով յարձակում Պէյրութի Ամերիկեան դեսպանատան դէմ. Կայ 1 զոհ

3 Հոգիով յարձակում  Պէյրութի  Ամերիկեան դեսպանատան  դէմ. Կայ 1  զոհ

Կրակոցներ գրանցուած են Պէյրութի ծովամերձ Աուքար շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի Ամերիկեան դեսպանատունը։

Այս մասին «Արեւելք» մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց լիբանանեան աղբիւրներէ։

 Կը նշուի, որ երեք անծանօթ անձեր կրակ բացած են դեսպանատան ուղղութեամբ, որմէ ետք շրջանին մէջ գտնուող Լիբանանեան բանակի միաւորներ պատասխան կրակներով լռեցուցած են կրակակէտերը։ Նախնական տուեալներով զինեալներէն մին սուրիացի մըն է, որ տեղւոյն վրայ մահացած։

Ապահովական մարմիններ հարկն ու պատշաճը կը կատարեն  վերականգնելու համար անդորրը այդ շրջանին մէջ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպի դեսպանատուն տանող բոլոր ճանապարհները փակուած են։