Ռուսիան եւ Ուքրանիան այս գիշեր եւս շարունակած են փոխադարձ հարուածները։ Մոսկուայի մարզը ենթարկուած է վերջին երկու տարիներուն անօդաչու թռչող սարքերու ամենազանգուածային յարձակումներէն մէկուն։ Մէկ մարդ զոհուած է։
Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանինի տեղեկացմամբ՝ Հոկտեմբեր 5-ի ժամը 20։30-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 6-ի ժամը 5։00-ը Մոսկուայի մարզի ուղղութեամբ արձակուած է 650 անօդաչու թռչող սարք։ Անոնց մեծ մասը ոչնչացուած է մարզի տարածքէն դուրս, իսկ 105-ը՝ մայրաքաղաքին մօտենալու ընթացքին։
Գիշերային յարձակումներուն հետեւանքով Մոսկուայի մարզի Սոլնեչնոկորսքի շրջանին մէջ զոհուած է 20-ամեայ տղամարդ։ Անօդաչու թռչող սարքեր ոչնչացուած են մարզի 16 համայնքներու մէջ։ Եւս վեց անձ վիրաւորուած է։
Ռուսական ուժերն ալ Ուքրանիոյ ուղղութեամբ արձակած են 137 անօդաչու թռչող սարք, որոնցմէ 114-ը խոցուած է։ BBC-ի ռուսական ծառայութեան համաձայն՝ Զապորոժիէի մէջ թիրախաւորուած է Տնեփր գետը անցնող կամուրջներէն մէկը։ Կամուրջին երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցուած է։ Հինգ անձ վիրաւորուած է, որոնց շարքին՝ Կարմիր Խաչի երկու աշխատակիցներ։ Վնասուած է նաեւ բազմայարկ բնակելի շէնք։
Օտեսայի մէջ ռուսական հարուածներուն հետեւանքով վնասուած է մասնաւոր ձեռնարկութիւն։ Քիեւի մէջ առաւօտեան յարձակման հետեւանքով հրդեհ բռնկած է ուսումնական հաստատութեան մը տանիքին։
Իսկ Հոկտեմբեր 5-ի ցերեկը Խարքովի ուղղութեամբ իրականացուած օդային հարուածներուն հետեւանքով զոհուած էր վեց անձ, իսկ աւելի քան 50 հոգի վիրաւորուած էր։