image

«1958-ի ողբերգական ամառը».Գրեց՝ Երան Գույումճեան

«1958-ի  ողբերգական  ամառը».Գրեց՝ Երան  Գույումճեան

Քանի մը տարի առաջ, ի՛նչ քանի մը, արդէն շուրջ քառորդ դար առաջ, երբ մօրս թաղման կարգը կատարուեցաւ Պէյրութի Ֆրընշըպէքի գերեմանատունը, ես այդ գերեզմանատան մէջ կարդացի տող մը որ փշաքաղեց ամբողջ մարմինս ու հոգիս...«ԿԱՅԷ՛Ն, Ո՞ՒՐ Է ԵՂԲԱՅՐԴ»...

Եւ յիշեցի 1958-ի ողբերգական ամառը, մեր եղբայրասպան կռիւները, մեր անհեթեթ պայքարները վասն ոչինչի: Եւ փորձեցի պատճառը գտնել այս բոլորին: Իմաստութեան պակա՞ս, իրարու հետ լեզու գտնելու անկարողութի՞ւն, սիրո՞յ եւ հանդուրժողութեա՞ն պակաս, կուսակցամոլութի՞ւն, մոլեռանդ տգիտութի՞ւն թէ՞ օտարին ծառայելու եւ անոր հաճոյանալու ստրկամտութիւն յանուն երեսուն խեղճ արծաթի...Այս բոլորը հաւանաբար եւ մասնաւորաբար ազգային հաւաքական ոգիի եւ մտածողութեան ահաւոր պակասը: Համահայկական մտածողութեան եւ ոգիին:

 

«Լիբանանի 1958-ի եղբայրասպան ոճիրներուն նահատակները հայկական աւանդական կուսակցութիւններուն եւ Եկեղեցիին կողմէ յիշատակութեան ու ներողութեան մը պիտի արժանանա՞ն, թէ՞պիտի շարունակուի թրքավայել ուրացումը այդ ոճիրներուն: Սիրտ խառնող վիճակ է»: Գէորգ Եազըճեան

ՄԵՂԱ՛Յ, ՄԵՂԱ՛Յ ԱՐԱՐԱՏԻՆ

Նախակրթարանիս մէջ, ո՛չ մէկ յիշատակութիւն կ'ըլլար Հայաստանի անկախութեան մասին, նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի մասին...Կարծես գոյութիւն ունեցած չըլլար Սարդարապատը, մեր հաւաքական ոգիի հրեղէն ժայթքումը, որուն շնորհիւ փրկուէր էր ափ մը հողը՝ Հայաստան երկիրը, որ սրտի չափ փոքր էր, բայց նաեւ սրտի չափ թանկագին...։Կարծես գոյութիւն չունէր ներկան, ճիշդ է Սովետական, բայց ինչ ալ ըլլար, կա՛ր ան, Սովետական Հայաստանը, երաշխիքը մեր գոյութեան եւ յարատեւման...

Ընտանեկան դաստիարակութիւնս տեսակ մը փրկութեան լաստ էր այս «Ոչնչապաշտութեան» դիմաց...Հայրիկս մշտապէս մեզի կը պատմէր  (Խորհրդային) Հայաստանին մասին, որ կար, գոյութիւն ունէր, պատմութեան բիւր մրրիկներէն ետք, ընդ հուր եւ ընդ սուր...եւ կը ծաղկէր ան արագ թափով, գիտութեան, արդիւնաբերութեան եւ յատկապէս հայ մշակոյթի ու հայ արուեստի բնագաւառներէն ներս...

Երբ սկսայ յաճախել ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկր. Վարժարանը, բախտաւորութիւնը ունեցայ Հայոց Պատմութեան ուսուցիչ ունենալու՝ լայնահորիզոն մտաւորական, ընդհանուր ազգաց եւ հայոց պատմութեան խորագէտ, բանիմաց պատմաբանն ու խմբագիրը՝ Գերսամ Ահարոնեանը, որ գիտէր լայն ու խոր հայեացքով դիտել ու դատել իրադարձութիւնները, դէպքերն ու դէմքերը, պատմական տուեալները ճիշդ իմաստաւորել ու արժեւորել, ելլելով փաստացի տուեալներէ, նաեւ ճիշդ ձեւակերպել մեր Մեծ Երազը, Ազատ, Անկախ Միացեալ Հայաստանի Երազը, որ մեր հողային Պահանջատիրութեան բուն նպատակակէտն է: Բայց ասիկա ոչ մէկ ձեւով արգելք էր արժեւորելու Ներկայ Հայաստանը, որ վերջիվերջոյ կորիզն էր մեր Մեծ Երազին: Անոր մեկնակէտը: Վազգէն Շուշանեան այնքան իմաստալից կերպով պիտի արձանագրէր. «Ճակատագիրդ հո՛ս է, եւ սրբութիւնդ` հո՛ս, վասնզի հոսկէ է միայն, որ վաղը բոլոր փառքերը կրնան արթննալ եւ բոլոր ցորենները բարձրանալ գեղուղէշ, բոլոր ակօսներէն»…

Ի դէպ, «Գալ տարի, Վանի մէջ» ասոյթը ուսուցիչիս կը պատկանի:

Այս երկու իրականութիւնները՝ ներկան ու երազը, չէին հակադրուեր իրարու, գոնէ մեր դպրոցին մէջ: 

Հայ կեանքին մէջ, սակայն, ականատեսը կ'ըլլայի յաճախ տխուր եւ ցաւալի ներազգային բախումներու, որոնք կ'արիւնէին սիրտս: Կային երկու հակաբեւեռներ սփիւռքահայ կեանքէն ներս՝ Հայաստանամէտ եւ հակաՀայաստանամէտ, իրարու թշնամաբար տրամադրուած, որոնց ներքին պայքարը յումպէտս վատնեց մեր ներոյժը տասնամեակներ շարունակ, խոր հետքեր ձգելով իր ետին...Շատեր նոյնիսկ հեռացան հայ կեանքէն, այս սին պայքարներէն հիասթափուած ու զզուած: 

Մէկ բեւեռին համար,  կար (Խորհրդային) Հայաստանը միայն քարկոծուելու եւ խծբծանքի առարկայ էր եւ անընդունելի, միւսին համար՝ Խորհրդային Հայաստանը մեր Մեծ Երազի ճամբուն վրայ կարեւոր  փուլ էր, գնահատելի եւ գովելի, յուսադրող եւ ապագահայեաց: Առաջինին համար, կար միայն Եռագոյնը, պաշտելի եւ խնկարկելի, երկրորդին համար՝ Եռագոյնը Ներկայ Հայաստանի հետ հակադրութեան խորհրդանիշ էր: Նոյնը կը վերաբերէր Անկախութեան Տօնին:

Այս բոլորը կրնար շատ բնական երեւիլ այլ ազգերու համար, բայց ցեղասպանուած ու հայրենազրկուած, դժոխքի ճամբաներէն անցած ափ մը հայութեան համար, շատ մեծ պերճանք էր, անընդունելի պառակտումներու եւ խոր բաժանումներու ծնունդ տուող, որոնցմէ անմասն չմնաց նոյնիսկ ազգային-հոգեւոր մեր գերագոյն Հաստատութիւնը՝ Հայոց Եկեղեցին: 

Մեր տան մէջ, այս հարցերը երբեք չէին քննարկուեր, բայց օր մը ես գաղտնաբար ականջալուր եղայ խօսակցութեան մը, որ սարռացուց համակ էութիւնս:

1958-ի ամառն էր, երբ տակաւին փոքր էի, բայց միտքս բաց էր ընկալելու երեւոյթներ, դիտելու եւ դատելու իրադարձութիւններ: Այդ ամառ, Լիբանանի մէջ ծայր առին քաղաքացիական թէժ  կռիւներ եւ մենք հարկադրուած գիւղ-միւղ չգացինք, մնացինք քաղաքի տունը, ելլելով անվտանգութեան ստիպողականութենէն:

Քաղաքացիական այս կռիւներէն անմասն չմնաց լիբանանահայ գաղութը ցաւօք, Հայաստանեայց եկեղեցիին հետ միասին, որ պառակտուեցաւ՝  Էջմիածնական եւ Անթիլիասական հակադիր բեւեռներու միջեւ:  Եղան եղբայրասպան տխուր դէպքեր: Հայրս անկուսակցական, չէզոք մարդ էր, ոչ մէկ ձեւով կը խառնուէր համայնքային հարցերուն: Իր միակ «յանցանք»ը՝ Հայաստանամէտ ըլլալն էր: 

Օր մը, մեր ազգականներէն մէկը մեզի այցելեց շատ կարեւոր խնդրով: «Պերճ էմմի» կը կոչէինք զինք: Ան դաշնակցականամիտ էր եւ ես ականջալուր եղայ հետեւեալ խօսակցութեան, ուղղուած հայրիկիս: «Զգոյշ եղէք, մթնոլորտը շատ լարուած է...Մերիններէն մէկը անցեալ օր նկատել տուաւ որ որոշեր են քեզ ալ մէջտեղէն վերցընել, քանի որ իրենցմէ չես: Ես խստիւ արգիլեցի նման բան ընել, պնդելով որ այդ մարդը ոչ մէկ բանի կը խառնուի, զինք հանգիստ ձգեցէք...»: Ցնցուեցայ: Իմ բարի, ազնիւ, բարեկիրթ եւ արդար հայրիկս կրնար ուրեմն զոհ երթալ մէկ անհեթեթ ոճիրի, մեզ որբացնելով եւ դժբախտացնելով: Պատճա՞ռը: Ներկայ Հայաստանի հանդէպ իր սէրն էր գուցէ, ուրիշ ոչինչ:

Մատղաշ, աշխարհին բացուող մտքիս մէջ շատ բաներ անցան այս դէպքէն ետք: Հայոց պատմութենէն կարդացած դաւաճանական արարքները նոր իմաստ ստացան եւ նոր բովանդակութիւն: Եթէ հօրս նման ամէնէն արդար, միշտ բարին կամեցող, կշռադատ վարքով եւ հաւասարակշիռ խօսքով մարդը կրնար սպաննուիլ իր ազգակիցին կողմէ, առանց բանաւոր պատճառի...ա՛լ ինչի՞ մասին էր խօսքը...

Նոյն այդ չարաբաստիկ ամրան օր մը, առաւօտ կանուխ, մայրս յանկարծօրէն հառաջեց. «Ամբողջ գիշեր չկրցայ քնանալ, ականջիս մէջ դեռ կը հնչէ մահամերձ հայ տղու մը աղապատանքը ուշ գիշերուան մէջ. «Մայրի՛կ, պուտ մը ջուր, մայրի՛կ...»:  Ան յայտնապէս զոհ գացեր էր եղբայրասպան կռիւի մը, նետուեր էր մեր տան դիմաց գտնուող դաշտի ձորին մէջ եւ հոն ալ աւանդեր էր հոգին...Ո՞վ կրնար համարձակիլ երթալ դէպքի վայրը եւ ստուգել կատարուածը, մասնաւորաբար կաթիլ մը ջուր հասցընել մահամերձին:  Ան վստահաբար տեղն ու տեղը հաշուեյարդարի կ'ենթարկուէր կամ կը վտանգէր իր ընտանիքի անդամներուն կեանքը:  Սարսափելի օրեր էին, որոնք դրոշմուած կը մնան յիշողութեանս մէջ եւ միտքս կը մրճահարեն անպատասխան հարցադրումներով...

Վստահաբար, յետ-Եղեռնեան սփիւռքահայ կեանքի մեր ամէնէն ամօթալի էջերէն մէկն է այս, զոր սրտի խոր կսկիծով կ'արձանագրեմ յանուն ճշմարտութեան, որովհետեւ միշտ ալ հաւատացեր եմ որ ճշմարտութիւնը, որքան ալ դառն ըլլայ անիկա, եւ անոր բարձրաձայնումը կրնան մեզ իսկապէս ազատագրել...

Այս ամօթալի օրերուն մասին, խիզախ հրապարակագիր Սիմոն Սիմոնեանի հրատարակած «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ, հետեւեալ տողերը կը կարդանք.-

«Տեսանք հայեր, որոնք եղբայրասպան գնդակներէն ինկան գետին ու հիւրընկալ երկրի մը հողը ներկեցին իրենց կարմիր արիւնով… վասն ոչինչի:

Տեսանք հայեր, որոնք իրենց եղբայրները գետին փռեցին ու ազգային հերոս եւ ազգասէր յորջորջուեցան:

Տեսանք հայեր, որոնք եղբայրասպաններ պաշտպանեցին բանիւ եւ գործով եւ երբեք չամչցան իրենց ըրածէն:

Տեսանք հայեր, որոնք եկեղեցիին անունով եկեղեցիներ կործանեցին ու սրբութիւններ ոտնակոխեցին ու խղճմտանք չունեցան:

Եւ վերջապէս, տեսանք հայեր, հազարաւոր, տասնեակ, հարիւրեակ հազարաւոր հայեր, որոնք ամչցան այս բոլորէն, փոխեցին տրամադրութիւն, փոխեցին սիրտ եւ երդում տուին իրենց զաւակները հայ չպահելու:»  (Ապրիլ 1963-Սիմոն Սիմոնեանի արխիւ)

Քանի մը տարի առաջ, ի՛նչ քանի մը, արդէն շուրջ քառորդ դար առաջ, երբ մօրս թաղման կարգը կատարուեցաւ Պէյրութի Ֆրընշըպէքի գերեմանատունը, ես այդ գերեզմանատան մէջ կարդացի տող մը որ փշաքաղեց ամբողջ մարմինս ու հոգիս...«ԿԱՅԷ՛Ն, Ո՞ՒՐ Է ԵՂԲԱՅՐԴ»...

Եւ յիշեցի 1958-ի ողբերգական ամառը, մեր եղբայրասպան կռիւները, մեր անհեթեթ պայքարները վասն ոչինչի: Եւ փորձեցի պատճառը գտնել այս բոլորին: Իմաստութեան պակա՞ս, իրարու հետ լեզու գտնելու անկարողութի՞ւն, սիրո՞յ եւ հանդուրժողութեա՞ն պակաս, կուսակցամոլութի՞ւն, մոլեռանդ տգիտութի՞ւն թէ՞ օտարին ծառայելու եւ անոր հաճոյանալու ստրկամտութիւն յանուն երեսուն խեղճ արծաթի...Այս բոլորը հաւանաբար եւ մասնաւորաբար ազգային հաւաքական ոգիի եւ մտածողութեան ահաւոր պակասը: Համահայկական մտածողութեան եւ ոգիին:

ՄԵՂԱ՛Յ, ՄԵՂԱ՛Յ ԱՐԱՐԱՏԻՆ:

 

Երան  Գույումճեան