Թուրքիա- Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմփ Արմէն» նախկին ճամբարը այսօր վերադարձուած է իր իրաւատիրոջ՝ Պոլսոյ Հայ Աւետարանական համայնքին: Այս մասին տեղեկութիւնը քաղեցինք Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» շարժման Ֆէյսպուքեան էջէն: Էջին վրայ նաեւ տեղադրուած է կարճ տեսանիւթ մը, ուր «Նոր Զարթօնք»ի անդամները, որոնք 175 օրերէ ի վեր դիմադրութեան արշաւ մը նախաձեռնած էին պահպանելու համար «Քէմբ Արմէն»ը կը տօնախմբեն իրենց տարած յաղթանակը: Տեսանիւթը տենելու համար սեղմել ՝ այստեղ: