image

Ասկերանի բնակիչը վերադարձուեցաւ հայկական կողմին

Ասկերանի բնակիչը վերադարձուեցաւ հայկական կողմին

Ատրպէյճանը հայկական կողմին փոխանցած է մոլորուած եւ Ադրբեջանի վերահսկողութեան տարածքին մէջ յայտնուած Արմէն Վերդեանին: Այս մասին կը յայտնէ Sputnik Azerbayjan.

 

Փաստը հաստատած են Ատրպէյճանի գերիներու, անյայտ կորածներու եւ պատանդներու հարցերով պետական հանձնաժողովը:

 

Արցախի ԱԱԾ-ն աւելի շուտ յայտնած էր, որ Այգեստան համայնքի 1971թ. ծնած բնակիչ Արմէն Աբրիկի Վերդեանը այսօր առավոտեան Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ եւ Ուղտասար համայնքներու հատուածին մոլորուելու հետեւանքով յայտնուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ոյժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ վերջիններուն կողմէ վերցուած արգելանքի: