image

Շիրիմ մը, որուն տակ հանգչող աճիւնները Դիլիջան հասած են շատ հեռուէն... Պոլսէն.

Շիրիմ մը, որուն տակ հանգչող աճիւնները Դիլիջան հասած են շատ հեռուէն... Պոլսէն.

 

Սեւ մարմարեայ յուշաքարին վրայ գրուած է հայ թատրոնի անմահ դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեային անունը, իսկ շիրմաքարին վրայ զետեղուած է Ազնիւ Հրաչեայի կիսանդրին՝ կերտուած ճերմակ մարմար քարով: Հայաստանի թատերական ընկերութիւնը 1962-ին դրած է այդ յուշաքարը, ի յիշատակ Դիլիջան քաղաքի մէջ 1919 թուականին իր մահկանացուն կնքած եւ հոն յուղարկաւորուած պոլսահայ դերասանուհիի: 104 տարի անցած է դերասանուհիի մահէն, իսկ այս ամիս կը լրանայ անոր ծննդեան 170-ամեակը:

 

Հայաստանի Դիլիջան քաղաքի հին գերեզմանոցին մէջ եզակի են ոչ-տեղացիներու շիրիմները: Հոն ամփոփուած են վաղեմի հայկական այդ քաղաքի հնաբնակներուն աճիւնները, սակայն կայ շիրիմ մը, որուն տակ հանգչող հայուհին Դիլիջան հասած է շատ հեռուներէն՝ Պոլիսէն:

Սեւ մարմարեայ յուշաքարին վրայ գրուած է հայ թատրոնի անմահ դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեային անունը, իսկ շիրմաքարին վրայ զետեղուած է Ազնիւ Հրաչեայի կիսանդրին՝ կերտուած ճերմակ մարմար քարով: Հայաստանի թատերական ընկերութիւնը 1962-ին դրած է այդ յուշաքարը, ի յիշատակ Դիլիջան քաղաքի մէջ 1919 թուականին իր մահկանացուն կնքած եւ հոն յուղարկաւորուած պոլսահայ դերասանուհիի: 104 տարի անցած է դերասանուհիի մահէն, իսկ այս ամիս կը լրանայ անոր ծննդեան 170-ամեակը:

Առաջին անգամ 1900 թուականին ըլլալով Դիլիջան, Ազնիւ Հրաչեայ (իսկական անունը՝ Ազնիւ Մինասեան) անբացատրելի սիրով մը կը կապուի գեղատեսիլ այդ քաղաքին: Դիլիջանը հինէն ի վէր առողջարան եղած է, յայտնի է իր կուսական բնութեամբ, անտառներով եւ մաքուր, լեռնային, կազդուրիչ օդով: Ծանր հիւանդութեան պատճառով դերասանուհին տեղափոխուած է Դիլիջան, ուր Իշխանուհի Մարիամ Թումանեանի ամարանոցին մէջ անոր խնամած են Դիլիջանի համքարական ընկերութեան կողմէ երկու բոյժքոյր՝ Անահիտ Աղաճանեան եւ Վարսենիկ Զաքարեան։ Դիլիջան ալ մահացած է տաղանդաւոր դերասանուհին, եւ նոյն համքարական ընկերութիւնը կազմակերպած է անոր յուղարկաւորութիւնը, իսկ տեղի դարբինները, իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ, անոր գերեզմանին շուրջը երկաթեայ ձեւաւոր ցանկապատ մը սարքած եւ վրան փակցուցած են երկաթատառ տապանագիրը. «Հայ բեմի մեծ վարպետ Ազնիւ Հրաչեայ»։

Ազնիւ Հրաչեայ կը նկատուի 19-րդ դարի 80-90-ական թուականներու հայ բեմի յառաջատար դերասանուհին: Անոր մասին շատ գրուած է, Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է դերասանուհիի մասին գիրք (հեղինակ՝ Նաիրա Շահվալադեան), իսկ Ազնիւ Հրաչեայի կեանքն ու գործունէութիւնը լաւագոյն կերպով կ՚արտացոլուին անոր յուշագրութեան մէջ, որ դերասանուհին գրած է Յովհաննէս Թումանեանի յորդորով: Ազնիւ Հրաչեայ միշտ ապրած է ծանր ու զրկանքներով լի կեանք: Եւ այդ մասին ան կը նկարագրէ նաեւ իր յուշագրութեան մէջ:

***

Ամրան եղանակի առաջին փորձը տեղի պիտի ունենար Սկիւտար, նոյն Ազիզիէ թատրոնին մէջ: Նշանակուած էր փորձ ժամը 3-ին: Բայց արդէն ամբողջ խումբը երկուքուկէսին հաւաքուեր էր: Խմբապետն էր՝ Վարդովեան, ռեժիսէօր՝ Մաղաքեան, ընկերներս էին՝ Երանուհի Գարագաշ, Վիրգինիա Գարագաշ, Թէրէզա Չուխաճեան, Գարեգին Ռշտունի, Մանուկ Սիսակ, Սերովբէ Պէնկլեան, Նալեան, Թոսպատեան, Սանճաքճեան, Չափրաստճեան, Գէորգ Պէրպէրեան, Տէօիւճեան, Տիրան Գալֆայեան, որոնց հետ ծանօթացեր էի թլփատութեան հանդէսներու ժամանակ: Ձախ կողմի քուլիսներու քով նստած էին տղամարդիկ եւ աջ կողմը՝ կանայք, այսինքն՝ Գարագաշ քոյրերը եւ Թէրէզա Չուխաճեան, որոնցմէ տասը քայլ հեռու էր փողոցի դուռը: Ես ալ գրեթէ տասը քայլ հեռու նստած էի օրիորդներէն, դրան հակառակ կողմը:

Այդ միջոցին ներս մտաւ պատանի մը, երկար հասակով եւ երկար վիզով. ունէր երկայն քիթ: Գունատ էր: Մոխրագոյն ու շատ մաշած զգեստ էր հագած: Թեւին տակ կար տետրակ մը: Երբ երեւցաւ, դերասանուհիները սկսան ծիծաղիլ, ըսելով. «Քա Թէրէզա՛, քուկինդ եկաւ»: Իսկ Թէրէզան պատասխանեց. «Այնքան գունատ է, որ ինծի պէտք չէ, շուտով կը մեռնի»: Ես լսեցի այդ խօսքերը, բայց չէի կարծեր, թէ պատանին ալ լսած էր:

Այդ ցնցոտիներ հագած եւ գերեզմանին մօտեցած պատանին Դուրեանն էր, մեր բոլորիս սիրելի բանաստեղծը: Իսկ իր թեւի տակի տետրակն էր «Թատրոն» խաղը, զոր կ՚ուզէր կարդալ Վարդովեանին եւ ընդունիլ տակ խաղացանկին մէջ:

Երբ իր մահէն յետոյ կարդացի անոր բանաստեղծութիւնները, այն ատեն իմացայ, թէ ա՛ն ալ լսած էր Թէրէզա Չուխաճեանի խօսքերը, քանի որ գրեր էր.

«Շատերը զիս մերժեցին,

«Քնար մ՚ունի սոսկ» ըսին:

Մին՝ «դողդողջ է, գոյն չունի»,

Միւսն ալ ըսաւ՝ «Կը մեռնի»:

Փորձը սկսաւ: Խաղն էր «Ալպեանց հովւուհի», որու մէջ պիտի կատարէի անմեղ ու միամիտ հովւուհիի դերը: Մինչեւ երրորդ արարը շատ լաւ տարի դերս: Չորրորդ արարին պիտի սկսէր տռամը, ուր լալով պիտի պատմէի օրիորդի մը իմ դրութիւնս, բայց չկարողացայ լաւ պատկերացնել լացը:

Քանի մը անգամ՝ Մաղաքեան ցոյց տուաւ, կրկնեց, բայց ես դարձեալ չյաջողեցայ: Այն ատեն այնպիսի ուժով թեւես կսմթեց, որ սաստիկ ցաւէն սկսայ լալ. «Ահա այդպէ՛ս պէտք է պատմես»:

Թէեւ այդ միջոցին սաստիկ վշտացայ, բայց յետոյ մտածելով, որ երբեք պիտի չկարողանայի կատարել այդքան բնական, գացի ու համբուրեցի անոր ձեռքը:

Այդ դերը իմ առաջին հրապարակային «տեպիւ»ս էր: Սկիւտարի ժողովուրդը շատ համակրեցաւ ինծի: Ազդարարութիւններուն վրայ իմ անուանս տեղ իբր կեղծանուն տպած էին կարծեմ՝ օր. Մաղարեան, բայց նոյնիսկ այդ առաջին ներկայացման հետեւալ օրը արդէն Մաղարեանը սրբուած էր ազդարարութեանց վրայ եւ տեղը գրուած՝ Հրաչեայ: Ժողովուրդին մէկ մասն ալ զիս անուաներ էր Վարդանոյշ, բայց ի վերջոյ Հրաչեայ անունն էր, որ յաղթանակեց:

Ամիսը ութ ներկայացում կու տայինք, չորսը թրքերէն լեզուով եւ չորսը՝ հայերէն: Իսկ Ռամազանին, երեսուն գիշեր շարունակ կը ներկայացնէինք թրքերէն:

Ըստ պայմանագրութեան, երկու ամիսէն տեղի պիտի ունենար իմ նպաստիս ներկայացումը: Թատրոնի ծախքը հանելէ յետոյ, մնացածին կէսը իմս պիտի ըլլար:

Կարծեմ ներկայացուելիք խաղը ողբերգութիւն մըն էր: Հասարակութեան մէջ ոգեւորութիւնը այն աստիճանի էր հասեր, որ ազդարարութեանց երկրորդ օրը տոմսակները արդէն սպառած էին: Այդ առթիւ կը յիշեմ՝ թէ «Մամուլ»ի մէջ այսպիսի բան մը գրուած կար.

«Կը յուսանք, որ Սկիւտարի հասարակութիւնը կը գիտնայ գնահատել իր փոքրիկ սիրելի դերասանուհին, որուն քանի մը զոյգ կօշիկ մաշել տուին այս ամառ ամէն ներկայացման տասն անգամ՝ ի տես կոչելով»:

Ներկայացման երրորդ բաժնի միջնարարին, քովի սենեակէն ձայներ լսեցի: Գացի այնտեղ, տեսայ, որ Երանուհի Գարագաշ ուշագնաց է եղեր, եւ երբ ուզեցի օգնել, օրիորդը, ուշքի գալով՝ խփեց ձեռքիս եւ «կորիր» պոռաց: Ես ոչինչ հասկցայ: Դիմեցի դէպի տեսարան, ուզեցի տեսնել պր. Մաղաքեանը եւ հասկնալ եղելութիւնը, բայց արդէն պր. Վարդովեան բանալ տուեր էր վարագոյրը եւ կ՚ըսէր ժողովուրդին.

-Մեծարգոյ հանդիսականք, դուրսը օր. Հրաչեայի համար դրամ կը ժողվեն կոր, գիտցէք, որ ես չեմ ընդունիր, այդ մուրացկանութիւն է:

Այդ միջոցին հանդիսականներուն մէջէն պարոն մը, ձեռքէն նետելով սիրունիկ կողով մը, որուն մէջ կային արծաթ եւ ոսկի դրամներ, գոռաց սրահին մէջտեղէն.

-Վարդովեան, մուրացկանութիւն չէ՞, երբ օր. Գարագաշի ձեռքէն բռնած՝ թուրքերէ նուիրատուութիւններ կը ժողվես: Գողութիւն չէ՞, երբ օր. Հրաչեայի նպաստին կէսէն աւելին կ՚առնես: Ամօթ չէ՞ որ երկու տնօրէն ունենալով հանդերձ՝ մինչեւ այսօր օր. Հրաչեան առանց վերարկուի է մնացեր: Եւ երբ մենք կամաւոր նուէրներով կ՚ուզենք օգնել իրեն, դուն մուրացկանութիւն կ՚անուանես:

Այս իսկ րոպէին օր. Ե. Գարագաշ, վարագոյրին քովէն այդ պարոնին նայելով՝ բացագանչեց. «Վա՜յ գլխուդ..»:

Երկրորդ օրը այդ դէպքը լրագիրներուն մէջ գրուեցաւ: Իսկ օր. Ե. Գարագաշը անուանեցին «Վայ գլխուդ դերասանուհին»:

Հետաքրքրուեցայ, թէ ո՞վ էր այդ պարոնը, որ զիս այդպէս կը պաշտպանէր: Ինձ ըսին, թէ անոր անունն է Գոռանեան Աւետիս:

Քանի մը ամիս յետոյ սկսաւ ձմեռնային շրջանը Պոլսոյ Կէտիկփաշայի թատրոնին մէջ: Ստիպեցի Վարդովեանը, որպէսզի աւելցնէ ամսականս եւ մէկ ոսկի յաւելում ստացայ: Այդ շրջանին էր, որ մեր տան մէջ պատրաստեցի Աստղիկը եւ ընդունուեցաւ խումբին մէջ հինգ ոսկի ամսականով (մինչդեռ սկսնակներուն կը վճարէին երկու ոսկի): Աստղիկը իմ մօրաքրոջս թոռն էր: Մենք ընդհանրապէս կը ներկայացնէինք խառնիխուռն՝ տռամներ, կատակերգութիւններ եւ վոտվիլներ, նամանաւանդ մեծ դերեր կատարելէ յետոյ՝ կ՚երգէինք «շանսոնէթ» մը: Իմ երգերս էին «Քթէն դժգոհ աղջիկը», «Հովիւ-հովւուհի», «Սիրելն ինչ բան է՝ բնաւ չգիտեմ» եւ ասոր նման երգեր: Ժողովուրդը թատրոնէն չէր ուզեր մեկնիլ, եթէ Գարեգին Ռշտունին կամ Հրաչեան բան մը չերգէին:

Գարեգին Ռշտունին միջահասակ, նիհար, թխագոյն, կուրծքի տկարութեամբ տառապող երիտասարդ մըն էր: Այս պարոնը ճշմարիտ տաղանդ էր. ափսո՜ս չէինք հասկնար ինչ որ կ՚ընէր անիկա: Գիտէինք միայն, թէ լաւ դերասան է: Այս գիշեր Տոպանթոն դատաւորի դերը կը կատարէ, ժողովուրդը զայն կը լսէ իբր Տոպանթոն, վաղը գիշեր Փունչինելլայի դերին մէջ՝ Փունչինելլա էր: Ան տեսարան գար թէ չէ, ժողովուրդը կը սկսէր խնդալէն մարիլ: Իր դէմքին վրայ չէր տեսնուեր որեւէ ծամա-ծըռութիւն: Վերջին ծայր բնական էր իր բոլոր դերերուն մէջ: Ի՜նչ մեծ տաղանդ պէտք էր ըլլար այդ մարդը, որ անբնական դերասաններու մէջ բնականութիւնն կ՚ընդգրկէր:

Մաղաքեան, առանց բացառութեան բոլորին ուսուցիչն էր: Ամէն օր տետրակին մէջ կը գրէր ներկայ դերասաններուն անունները: Եթէ ուշանային կամ բացակայ գտնուէին, ըստ ներքին կանոնագրութեան՝ կ՚ենթարկուէին տուգանքի:

Կանոնագրութիւնը խիստ էր, եւ պէտք էր ամենքս ալ հնազանդէինք:

Նոյնպէս թրքերէն արտասանութեան դասեր կ՚առնէինք: Մեր ուսուցիչներն էին յայտնի գրագէտ Քեմալ պէյ եւ Աալի պէյ: Այսպէս կը շարունակէինք գործը, ամառը՝ Սկիւտար եւ ձմեռը՝ Կէտիկփաշա:

***

…1875 սեպտեմբեր 14-ին պսակուեցանք, եւ մեր մեղրալուսինը անցուցինք Նիկոմիդիա, ուր ամուսինս պաշտօն էր ստանձներ: Երկաթուղիի գիծն ու կամուրջները կը շինուէին մինչեւ Անգարա: Նիկոմիդիայի մէջ բացած էին գործարան: Ահա այդ գործարանին մէջ առաջին գրագիր էր: Պարոնի մը ընկերակցութեամբ՝ բերել տուաւ թրավէրսներ ու տէրութեան յանձեց: Բայց չկարենալով վճարել թէ՛ գործաւորներուն եւ թէ՛ ապրանքատիրոջ, փակուեցաւ գործարանը: Նոյնպէս դադրեցաւ երկաթուղիի գիծի շինութիւնը:

Վեց ամիս հազիւ էր անցեր, մենք կորսնցուցինք թէ՛ մեր սեփական դրամը եւ թէ՛ ռոճիկները, տեղափոխուեցանք Պոլիս՝ Օրթագիւղ թաղը, 1876 թուականին:

Այդ միջոցին Մաղաքեան կազմեց խումբ մը՝ Սիմոնովիչի աջակցութեամբ եւ սկսաւ տալ շարք մը ներկայացումներ Բերայի Ալքազար թատրոնին մէջ: Դերասաններն էին Մաղաքեան, Ադամեան, Սիսակ, Թրեանց, Տէօիւճեան եւ կարծեմ՝ Մնակեան: Դերասանուհիներն էին՝ Աստղիկ, Սիրանոյշ, տիկին Վալիտէեան:

Անակնկալ դիպուած մը հիմէն տապալեց այդ գործը: Սիմոնովիչ Օսմանեան դրամատան գանձապահն էր. զեղծման ամբաստանութեամբ բանտարկուեցաւ: Ներկայացումները դադրեցան:

Ամերիկեան՝ Պոլիս գալով, փորձեց նոյն խումբով տալ ներկայացումներ Ալքազար թատրոնին մէջ: Բայց խեղճը չյաջողեցաւ: Իր լեզուն պոլսեցիներուն համար խորթ կը հնչէր: Եկաւ ինձ մօտ՝ խնդրեց մասնակցիլ:

-Օգնեցէք ինծի, տիկին, ես դժբախտ մարդ եմ, որ եկայ եւ ձեզ ամուսնացած գտայ:

Խեղճը կը կարծէր, թէ մերժման պատճառը ամուսնութիւնս էր: Շաբաթ մը յետոյ դարձեալ գալով մեզ մօտ, զիս գտաւ շատ գէշ հիւանդ վիճակի մէջ: Այն ատեն ներողութիւն խնդրեց: Երեք ամիս անկողին մնացի՝ քիչ մը ցուրտ առած ըլլալուս հետեւանքով:

Ամերիկեան կարծեմ անմիջապէս դարձաւ Թիֆլիզ:

 

ԾՆՈՂՔԸ

Հայրս էր Գրիգորի Մինասեան, փաստաբան, ընդունակ եւ բանիմաց մարդ: Ծնած էր Անգարա, պապական ծնողքէ: Երեք տարեկանին՝ որբ էր մնացած հօրմէ եւ մօրմէ, որ իրեն ձգած էին մեծ կարողութիւն: Իր հօրեղբայրը պէտք էր կառավարէր այդ հարստութիւնը, մինչեւ որ ինքը չափահաս ըլլար: Այդ հօրեղբայրը զինքը իր հետը Պոլիս բերելով կը դնէ գիշերօթիկ վարժարան եւ ինքը կը սկսի վաճառականութեամբ պարապիլ: Պոլսոյ մէջ մեծ վարկ ունէր, տասնեւութը տարեկան հասակին մէջ հայրս ուսումնարանէն ելլելով՝ կը պահանջէ իր հարստութիւնը, բայց հօրեղբայրը անոր ձեռքը հինգ հարիւր ոսկի դնելով գլխէն կը հեռացնէ: Հինգ կամ վեց ամիս յետոյ, այդ գումարը վերջացած ըլլալով հայրս կը դիմէ իր խնամակալին, որ նորէն հինգ-վեց հարիւր ոսկի տալով կը լռեցնէ զայն: Այսպէս քանի մը անգամներ կրկնելէ յետոյ, այլեւս կը մերժէ վճարել, ըսելով «Դուն սպառեցիր քու դրամներդ, ա՛լ ոչինչ ունիս իմ մօտս»: Հայրս կը ստիպուի դատարան դիմել, եւ դատէ դատ՝ խելամուտ կ՚ըլլայ օրէնքի բոլոր նրբութիւններուն, օրինագիրքը կ՚ուսումնասիրէ, կ՚իւրացնէ, եւ վերջ ի վերջոյ կը սկսի ասոր անոր դատը պաշտպանել եւ փաստաբանութիւնը իրեն պաշտօն կ՚ընէ: Այն ժամանակ, եթէ չեմ սխալիր՝ Պոլսոյ մէջ չկար հայ փաստաբան, հայրս առաջին հայ փաստաբանն էր, յետոյ եկան Եւրոպայէն համալսարանաւարտ հայ փաստաբաններ:

Մայրս էր Արմաւենի Մինասեան, ծնեալ Պոզաճեան, շատ գեղեցիկ, բարի, ողորմած, աղքատաց խնամող, անձնուէր: Երբ փողոցէն կ՚անցնէր, ամէն կողմէ կը գոչէին «Չարխ իշի րուպիէ», նմանեցնելով ճախարակէ անցած փայլուն րուպիէ ոսկիներուն: Շատ հարուստներ ուզեր էին ամուսնանալ հետը, բայց կաթոլիկ ըլլալնուն համար մեծ հայրս ու մեծ մայրս հաւանութիւն չէին տուած: Հայրս իմանալով, որ պապական մնալով պիտի չկարենայ ամուսնանալ անոր հետ, կ՚երթայ լուսաւորչականաց եկեղեցին, լուսաւորչականութիւն կ՚ընդունի եւ հինգ տարի յետոյ կ՚ամուսնանայ: Կ՚ունենան երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ: Մանչը եւ մեծ աղջիկը մօրս նման հանդարտ տղաք էին, ես՝ հօրս նման անհանդարտ եւ համարձակ: Այդ պատճառաւ զիս շատ կը սիրէր, ես ալ կը պաշտէի զինքը, եւ սաստիկ ցաւ զգացի, երբ վախճանեցաւ:

Քոյրս եւ եղբայրս մեռան, ես մնացի մինակ: Հայրս շատ կը շահէր, բայց շատ ալ կը շռայլէր: Եւ երբ վախճանեցաւ, երեք հազար ոսկի ձգեց ինծի համար, ասոնք արժեթուղթեր էին, զորս մայրս կտուրին տակ պահած էր իբր ապահով տեղ: Այն տունը, ուր կը բնակէինք, մօրս էր:

 

Անոյշ Թրվանց 
«Ժամանակ»/Պոլիս

 

 

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...