Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, որ այսօր կը հասնի Երեւան, պիտի ձեռնարկէ շարք մը բարձր մակարդակի հանդիպումներու: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանձէ VDL կայանը: Աղբիւրը կը նշէ, որ Զօր. Միշէլ Աուն պիտի հանդիպի նաեւ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Կը նշուի նաեւ, որ ֆրանսայի նախագահէն բացի, Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին մասնակցող շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ:
Յիշեցնենք, որ այս այցը պիտի դառնայ Զօր. Միշէլ Աունի Հայաստան կատարելիք երրորդ այցը, ան երկու տարբեր առիթներով այցելած էր Հայաստան եւ հանդիպումներ ունեցած Հայաստանի ղեկավարութեան հետ:
Կայանը նաեւ կը նշէ, որ Աուն-Մաքրոն հանդիպման գլխաւոր օրակարգերէն պիտի հանդիսանան երկրին մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ սուրիացի փախստականներու խնդիրը: