Լիբանան («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» հոսանքի առաջնորդ զօրավար Միշէլ Աունի դէպի Մոսկուա նախատեսուած այցին մասին: Այս մաին կը գրէ «Ալ-ժատիտ» նշելով, որ ան իր հետ պիտի տանի թղթածրարներ՝ կապուած լիբանանեան ընդհանուր իրավճակին, որոնց մէջ առաջնայինն է՝ նախագահութեան ծրարը եւ տարածաշրջանային իրավիճակը, մանաւանդ Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագրի հետ կապուած: Ըստ «Ալ Ժատիտ»ի, բնական է, որ Աուն ռուս ղեկավարութեան ներկայացնէ դրուած թղթածրարներու կառավարման իր ծրագրային տեսլականը, որ կը նմանի նախագահական ծրագրին, որուն իրագործման համար պիտի աշխատի, եթէ հասնի նախագահական աթոռին: Աղբիւրը կը նշէ, որ Աուն իր նախագահական ծրագիրը տարած է դէպի «ռուսական արջի գիրկը», որ արթնացած էր իր ձմեռնային քունէն եւ այսօր Մերձաւոր Արեւելքի կարեւորագոյն խաղացողն է: Կայանը նկատել կու տայ, որ այլեւս գաղտնիք չէ, որ ռուսերը գործընկեր դարձան ամէն ինչի մէջ, նոյնիսկ կարգ մը ոգեւորուողներ կը հաւատան, որ այսուհետեւ ոչ մէկ թուղթ պիտի շարժի տարածաշրջանին մէջ, առանց Ռուսասատանի համաձայնութեան: