image

Իրաքեան Քիւրտիստանի պատուիրակութիւնն այցելած է Հայաստանի Եզտիական տաճար

Իրաքեան Քիւրտիստանի պատուիրակութիւնն այցելած է Հայաստանի Եզտիական տաճար

Օրերս Հայաստան այցելած Իրաքեան Քիւրտիստանի տարածաշրջանային կառավարութեան փոխվարչապետ Քուպատ Թալապանին եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի մէջ պաշտօնական հանդիպումներէն ետք, այցելած են Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Ակնալիճ գիւղին մէջ գտնուող Եզտիական տաճար, որ յայտնի է Մալակի եւ եօթ հրեշտակներու տաճար անունով:

Այս մասին կը տեղեկանանք Արտաքին գործոց նախարարութենէն: Այս տաճարը նախկին ԽՍՀՄ տարածքին մէջ առաջին եզտիական սրբատեղին է: