image

«Ժումհուրիյէթ»ի 2 Խմբագիրները Ազատ Արձակուեցան. Անոնց Դատական Գործը Պիտի Շարունակուի Առանց Կալանքի

«Ժումհուրիյէթ»ի 2   Խմբագիրները Ազատ Արձակուեցան. Անոնց Դատական Գործը  Պիտի Շարունակուի Առանց Կալանքի

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հինգշաբթի օր մեծամասնութեան ձայնով  (12 ընդդէմ 3-ի) որոշած է,  ազատ   արձակել «Ժումհուրիյէթ»  օրաթերթի երկու  խմբագիրները: Ճան Տիւնտէրի  եւ Էրտէմ  Կիւլի   դատական  գործընթացը  պիտի շարունակուի առանց կալանքի:  Այս մասին կը գրէ «Սապահ» նշելով, որ Բարձրագոյն Դատարանը այս մասին որոշման մէջ յայտարարած է, որ անոնց բանտ մնալով  «Անհատական ​​իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մամլոյ ազատ արտայայտման իրաւունքները խախտուած են»:Աղբիւրը կը յիշէ, որ Տիւնտէր,  թերթին գլխաւոր խմբագիրն է   իսկ Կիւլը,  «Ժումհուրիյէթ»ի Անգարայի ներկայացուցիչը: Անոնք  ձերբակալուած էին անցեալ տարի  Թուրքիոյ «Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան»  (MIT) հասցէին վիճայարոյց յօդուած հրապարակելու պատճառով: Այնուհետեւ երկու խմբագիրները դիմած էին Սահմանադրական դատարան պահանջելով ազատ արձակուիլ, շեշտելով, որ իրենք ենթարկուած են իրենց իրաւունքներու խախտման:

Բարձրագոյն Դատարանի Հինգշաբթի օր այս կապակցութեամբ նշեալ որոշումը կը նշանակէ, որ անոնք պէտք է ազատ արձակուին Պոլսոյ արեւմտեան Սիլիվիրի «բարձր անվտանգութեան» բանտէն, եւ տեղի պիտի ունենայ համապատասխան դատավարութիւն, որու առաջին դատական ​​նիստը 25 մարտին նշանակուած է, եւ խմբագիրները ազատութեան մէջ պիտի մնան ամբողջ դատավարութեան շրջանին: