Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը հինգշաբթի օր մեծամասնութեան ձայնով (12 ընդդէմ 3-ի) որոշած է, ազատ արձակել «Ժումհուրիյէթ» օրաթերթի երկու խմբագիրները: Ճան Տիւնտէրի եւ Էրտէմ Կիւլի դատական գործընթացը պիտի շարունակուի առանց կալանքի: Այս մասին կը գրէ «Սապահ» նշելով, որ Բարձրագոյն Դատարանը այս մասին որոշման մէջ յայտարարած է, որ անոնց բանտ մնալով «Անհատական իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ մամլոյ ազատ արտայայտման իրաւունքները խախտուած են»:Աղբիւրը կը յիշէ, որ Տիւնտէր, թերթին գլխաւոր խմբագիրն է իսկ Կիւլը, «Ժումհուրիյէթ»ի Անգարայի ներկայացուցիչը: Անոնք ձերբակալուած էին անցեալ տարի Թուրքիոյ «Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան» (MIT) հասցէին վիճայարոյց յօդուած հրապարակելու պատճառով: Այնուհետեւ երկու խմբագիրները դիմած էին Սահմանադրական դատարան պահանջելով ազատ արձակուիլ, շեշտելով, որ իրենք ենթարկուած են իրենց իրաւունքներու խախտման:
Բարձրագոյն Դատարանի Հինգշաբթի օր այս կապակցութեամբ նշեալ որոշումը կը նշանակէ, որ անոնք պէտք է ազատ արձակուին Պոլսոյ արեւմտեան Սիլիվիրի «բարձր անվտանգութեան» բանտէն, եւ տեղի պիտի ունենայ համապատասխան դատավարութիւն, որու առաջին դատական նիստը 25 մարտին նշանակուած է, եւ խմբագիրները ազատութեան մէջ պիտի մնան ամբողջ դատավարութեան շրջանին: