image

Զախարովա Արցախի մասնակցութեան վերաբերեալ ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրաւ

Զախարովա Արցախի մասնակցութեան վերաբերեալ ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրաւ

Մոսկուայի մէջ կայացած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցը, որու ընթացքին վերջինս մեկնաբանած է Ռուսաստանի դիրքորոշումը ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութեան հարցի շուրջ:

«Ռուսաստանը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, բազմիցս կարծիք յայտնած է բանակցային ձեւաչափի մասին, որու փոփոխութիւնը հնարաւոր է կողմերու համաձայնութեամբ: Եթէ Երեւանն ու Պաքուն պայմանաւորուին, որ Լեռնային Ղարաբաղը կրկին պէտք է ներկայացուի բանակցութիւններուն, ապա այդ կ'ըլլայ կողմերու որոշումը, եւ մենք կը յարգենք այն», - ըսած է Մարիա Զախարովան:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս դիրքորոշումը կը կիսեն Մինսքի խումբի համանախագահներու «եռեակ»ի միւս անդամները:

Պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ Մարիա Զախարովան նշած է, որ կողմերու՝ ցանկութիւն յայտնելու եւ ռուսական կողմին նման հարցով դիմելու պարագային ՌԴ-ն 5 ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայանալիք ԱՊՀ (Անկախ պետութիւններու համագործակցութիւն) երկիրներու Արտաքն գործոց նախարարներու գագաթնաժողովին կրնայ հարթակ տրամադրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման համար: