Սուրիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Դամասկոսի կողմնակից ԶԼՄ-ներ յայտնած են, որ Մահէր Ասատը նախագահական պահակախումբի «չորրորդ զօրաբաժնի» ղեկավարութեան պաշտօնէն փոխանցուած է բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնին: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Հայաթ», նշելով, որ դիմատետրի մէջ «Լաթաքիոյ լրատուական ցանցը» էջին վրայ գրաւոր թողարկման մը մէջ նշուած է. «Շատ կարեւոր է զօրավար Մահէր Ասատին «չորրորդ զօրաբաժնի» 42-րդ ջոկատի հրամանատարութեան Աւագ գնդապետ-զօրավարի պաշտօնէն փոխացումը՝ բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնին, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ նշելու, սակայն այդ մասին տեղեկութիւնը պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ չէր հաստատուած:
Այս լուրը, անկախ իր ճշմարտացիութենէն, կու գայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ յայտարարուած ռուսական ուժերու «կարեւոր բաժնի» դուրս բերելու որոշումէն ետք:
Միւս կողմէ, Ժընեւի մէջ, կառավարական պատուիրակութեան մօտիկ աղբիւր մը ըսած է . «վերջին հինգ օրերու ընթացքին ոչ մէկ առաջընթաց արձանագրուած է» Սուրիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ անուղղակի կերպով վարուող բանակցութիւններուն մէջ, որ սկսած էր երկուշաբթի օր, Ժընեւի մէջ:
