image

Ըստ ԱԱԾ-ին «Սասնայ ծռեր»ու գործով ձերբակալուած է 47 անձ

Ըստ  ԱԱԾ-ին «Սասնայ ծռեր»ու գործով ձերբակալուած  է  47 անձ

Ըստ  Հայաստանի  «Ազգային անվտանգութեան  ծառայութեան»,  «Սասնայ ծռեր» զինեալ խմբակի գործով  կալանաւորուած է   47 անձ:   Այս մասին կը նշուի ԱԱԾ-ի կողմէ հրապարակուած  հաղորդագրութեան  մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ   47   ձերբակալեալներէն  24-ին    դէմ  մեղադրանք      առաջադրուած  է: Մեղադրանք   առաջադրուած է նաեւ  ընդդիմադիր գործիչներ  Արմէն Մարտիրոսեանին,  Դաւիթ Սանասարեանին, Յովսէփ  Խուրշուտեանին  եւ   Անդրէաս  Ղուկասեանին դէմ: Նշենք նաեւ, որ    «Նախախորհրդարան»ի պատասխանատուներէն՝  Ալեք Ենիգոմշեանի դէմ   երկու  ամսուան կալանաւորման   վճիռ հրապարակուած է: