image

Յայտնաբերուած է Վայքի մէջ գետ ինկած երեխայի դիակը

Յայտնաբերուած է Վայքի մէջ գետ ինկած երեխայի դիակը

1 Յունիսին, ժամը 15:46.14-ին «911» ծառայութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Վայոց ձորի մարզի Վայք քաղաքին մէջ՝ «Հարունի» կամուրջի մօտակայքը, Արփա գետը երեխայ ինկած է. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ եւ մարզային փրկարարական վարչութեան խումբը:

Ժամը 18:15-ի դրութեամբ յայտնաբերուած է գետը ինկած երեխայի դին: