image

Յայտնաբերուած է «Տահէշ»ին պատկանող հաւաքական գերեզման մը

Յայտնաբերուած է «Տահէշ»ին պատկանող հաւաքական գերեզման մը

Իրաքեան ուժերը զանգուածային գերեզման  մը   յայտնաբերած են:Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով,   որ   գերեզմանը կը պատկանի «Տահէշ»ին եւ  կը գտնուի Մուսուլ քաղաքի  արեւմտեան հատուածին  մէջ:

Թալաֆար շրջանի  քաղաքապետ՝Ապտըլ Աալ Ապպաս ըսած է. « «Տահէշ»ի այս գերեզմանը իր տեսակին մէջ առաջինն է, որ բացայայտուեցաւ Մուսուլէն 70 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ գտնուող Թալաֆարի  շրջանին  մէջ, որ ազատագրուած էր իրաքեան ուժերուն կողմէ  էր անցած տարուայ Յուլիսին»: Ան նաեւ ըսած է, որ  «կազմակերպութիւնը իր սպաննուած անդամներուն դիակները կը նետէր  շատ մեծ եւ խորունկ փոսի մը մէջ որ կը կոչուի «Ըլու Անթար» եւ Թալաֆարէն 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի»:

 

Նինուէ նահանգի Անվտանգութեան հարցերու պատասխանատու Մուհամմատ Պաիյաթին նշած է, որ բացայայտուած դիակներուն թիւը կը հասնի 40-ի եւ անոնք պատկանին «Տահէշ»ի անդամներուն: