ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է՝ տեղեկացնելով, որ հրշէջ-փրկարարներու աշխատավարձը բարձրացնելու որոշում կայացուցած են։
Գրառումը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ․
«Աւարտեցաւ իմ աշխատանքային հանդիպումը Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանի հետ:
Քննարկումներու արդիւնքներով հոկտեմբեր 1-էն հրշէջ-փրկարարներու աշխատավարձը բարձրացնելու որոշում կայացուցինք:
Աշխատավարձերու բարձրացման սանդղակները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ՝ աշխատանքային կարգով»: