image

Յառաջիկայ հոկտեմբերէն սկսեալ հրշէջներու ամսավարձը պիտի բարձրանայ

Յառաջիկայ հոկտեմբերէն  սկսեալ հրշէջներու  ամսավարձը  պիտի բարձրանայ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է՝ տեղեկացնելով, որ հրշէջ-փրկարարներու աշխատավարձը բարձրացնելու որոշում կայացուցած են։

Գրառումը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ․

«Աւարտեցաւ իմ աշխատանքային հանդիպումը Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեանի հետ:

Քննարկումներու արդիւնքներով հոկտեմբեր 1-էն հրշէջ-փրկարարներու աշխատավարձը բարձրացնելու որոշում կայացուցինք:

Աշխատավարձերու բարձրացման սանդղակները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ՝ աշխատանքային կարգով»: