image

Յանուն Խոնարհութեան. Յակոբ Քորթմոսեան

Յանուն  Խոնարհութեան.  Յակոբ Քորթմոսեան

Խոնարհութեան մասին երբ կը խօսինք, առաջին հերթին մեր մտապատկերին մէջ իրար յաջորդելով կու գան պարզութիւն, հեզութիւն, համեստութիւն, անմեղութիւն եւ այլ բառեր, որոնցմով կը կարողանանք հասկնալ խոնարհութեան բուն իմաստը:

Երբ այդ խոնարհութիւնը տանինք դէպի մարդկային դաշտ, առաջին հերթին՝ յատկապէս քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար, խոնարհութեան դիմաց կու գայ ուրուագծուելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսին կերպարը: Իսկ նեղ առումով, երբ խոնարհութեան մասին մտածենք, մեր մտապատկերին մէջ կու գան ուրուագծուելու մեզ շրջապատող մարդիկ, որոնք իրենց կեանքով, իրենց ապրելակերպով եղած են խոնարհութեան մարմնացում:

Այդպիսիներ էին վերջին ամիսներուն այս աշխարհէն հեռացած քէսապցի երկու անձնաւորութիւններ՝ Սարգիս Բենթէզեանն ու Յասմիկ Թութիկեան-Այանեան: Երկու անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կերպարով կենդանի մարմնացումն էին պարզութեան, համեստութեան ու խոնարհութեան: Երկու անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց խաղաղ արտաքինով շատ խոր կերպով կ'ազդէին իրենց դիմացիններուն վրայ: Երկու անձնաւորութիւններ, որոնք յաջողած էին ըմբռնել ՄԱՐԴ ըլլալու կոչումը:

Սարգիս Ամմոյին հետ յաճախակի առիթներ եղած են հանդիպելու: Անոր աչքերուն փայլքը եւ միաժամանակ խաղաղ դէմքը շատ բան կ'ըսէին: Աւելին, գիտակից մարդու կերպարը այնքա՜ն խօսուն էր իր արարքներուն եւ վերաբերմունքին ընդմէջէն: Իր ներկայութեան գտնուիլս ու իրեն հանդիպիլս այլ կարգի ուրախութիւն էր, որովհետեւ անկախ ինձմէ անհասկնալի հանգիստ կը վայելէի ու ներքին խնդութիւն: Սարգիս Ամմոն վստահ եմ, որ շատերու համար այդպիսին էր, այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ իր բնաւորութիւնն էր այդ՝ խոնարհ ու պարզ ըլլալ, ինք այդ բոլորը կեղծաւորութեամբ չէր ըներ, այլ՝ իրական, որովհետեւ խոնարհութիւնն ու պարզութիւնը իր մաշկն իսկ էր, իր էութիւնն իսկ էր:

Յասմիկ Նանան......: Մանկութեանս տարիներէն ի՜նչ լաւ յիշողութիւններ կան իր հետ կապուած: Համեստութեան ու խոնարհութեան այլ տիպար մը եւս ինք: Դէմքին ժպիտը, դէմքին խաղաղութիւնը, վստահութիւն կը ներշնչէին իր դիմացիններուն: Երբ իրենց խանութ կը մտնէի ու ինք այնտեղ ըլլար, այնպիսի քնքշանքով կը հարցնէր որպիսութիւնս, մերիններուն որպիսութիւնը, իսկ երբ իր նուրբ ձեռքը դնէր գլուխիս վրայ, այդ կ'ըլլար իմ ամէնէն մեծ երջանկութիւնս: Բնականաբար, այդ տարիքիս՝ փոքր եղած ժամանակ, այդքան ալ չէի հասկնար՝ աւելի ճիշդ չէի գիտակցեր, այլ՝ միայն կ'ուրախանայի, իսկ հիմա երբ աշխարհին եւ զիս շրջապատող իրադարձութիւններուն այլ աչքով կը նայիմ, այնքա՜ն ուրախ կը զգամ, որովհետեւ փոքր եղած ժամանակս Յասմիկ Նանայէն այնքան օրհնուած եմ իր ձեռքը գլուխիս վրայ դնելովը: Ինչ որ վերը գրած եմ Սարգիս Ամմոյին պարագային, բնականաբար նոյնը նաեւ կը վերաբերի Յասմիկ Նանային, որ ան բոլորին հանդէպ նոյնը եղած է:

Սարգիս Բենդէզեան եւ Յասմիկ Թութիկեան-Այանեան, համալսարանական վկայկաններ չունեցան, բայց ատոնց կարիքն ալ չունէին, որովհետեւ իրենց կեանքը ինքնին համալսարան եղաւ, այն ալ մեր օրերուն մարդուն համար ամէնէն կարեւոր համալսարանը՝ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ համալսարան: Իրենց ապրելակերպով կեանքի փիլիսոփաներ դարձան եւ այդ փիլիսոփայութիւնը իրենց չպահեցին, այլ՝ իրենց ապրելակերպով փոխանցեցին ուրիշներուն, շատ յաճախ իրենց լուռ եղած պահերուն:

 

Խունկ ու աղօթք Ձեր յիշատակին Սիրելի՛ ԽՈՆԱՐՀ ՀԵՐՈՍՆԵՐ, Դուք միշտ մեր հետ պիտի մնաք: Յարգանք Ձեր մարդ տեսակին, յարգանք Ձեր մարդկայնութեանը: Եւ ի վերջոյ համբերութիւն եւ մխիթարութիւն Ձեր հարազատներուն:

 

Յակոբ Քորթմոսեան

 

29 Յուլիս 2017