image

Վտանգաւոր Զարգացում Լիբանանի Մէջ. «Ֆաթըհ»ի Սայտայի Առաջնորդը Սպաննուեցաւ

Վտանգաւոր Զարգացում Լիբանանի Մէջ.   «Ֆաթըհ»ի  Սայտայի Առաջնորդը Սպաննուեցաւ

Ականուած ինքնաշարժի  մը պայթումին հետեւանքով  սպաննուած է Լիբանանի Սայտա  շրջանի «Միյէ ու միյէ»  գաղթակայանի  «Ֆաթըհ»  շարժումի պատասխանատու  Ֆաթհի Զայտանը, որ յայտնի է  «Զորո»  անունով: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող  աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ պայթումը տեղի ունեցած է   Սայտայի «Հայ Ալ Ամըրքան» շրջանին  մէջ:   Կը հաղորդուի նաեւ, որ   պայթումին   հետեւանքով   ինկած են   երկու վիրաւորներ: Ֆաթըհ   շարժումը  կը համարուի   Պաղեստինի   առաջին նախագահ Եասէր Արաֆաթի  կողմէ  հիմնուած  զինեալ  խմբաւորում:  Սայտայի պաղեստինեան  գաղթակայաններուն մէջ        երեւելի լարուածութիւն  կայ  իսլամիստ խմբաւորումներու եւ պաղեստինեան  ոչ  կրօնական   գունաւորում  ունեցող  խմբաւորումներուն  միջեւ եւ տեղի ունեցած դէպքը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ: