Ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով սպաննուած է Լիբանանի Սայտա շրջանի «Միյէ ու միյէ» գաղթակայանի «Ֆաթըհ» շարժումի պատասխանատու Ֆաթհի Զայտանը, որ յայտնի է «Զորո» անունով: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ պայթումը տեղի ունեցած է Սայտայի «Հայ Ալ Ամըրքան» շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումին հետեւանքով ինկած են երկու վիրաւորներ: Ֆաթըհ շարժումը կը համարուի Պաղեստինի առաջին նախագահ Եասէր Արաֆաթի կողմէ հիմնուած զինեալ խմբաւորում: Սայտայի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ երեւելի լարուածութիւն կայ իսլամիստ խմբաւորումներու եւ պաղեստինեան ոչ կրօնական գունաւորում ունեցող խմբաւորումներուն միջեւ եւ տեղի ունեցած դէպքը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ: