image

Վտանգաւոր երեւոյթ Եղեգիս գիւղին մէջ. Հիւանդութեան պատճառով սպանդի ենթարկած են 200 կենդանի

Վտանգաւոր երեւոյթ Եղեգիս գիւղին մէջ. Հիւանդութեան պատճառով սպանդի ենթարկած են 200 կենդանի

Վայոց Ձորի մարզի խոշորացուած Եղեգիս համայնքին մէջ 4 ամսուան ընթացքին 23 գլուխ խոշոր եղջերաւոր եւ 173 մանր եղջերաւոր կենդանի սպանդի ենթարկած են սաստիկ ջերմի (պրուցելոզ) պատճառով։ Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է համայնքի ղեկավար Արթուր Ստեփանեանը։

«Խնդիրն ի յայտ է եկել փետրուարից։ Վերջին անգամ յունիս 16–ին է կենդանիներից արեան նմուշառում կատարուել, եւ պատասխանները դեռ յայտնի չեն։ Հիմա քայլեր ենք ձեռնարկում, որպէսզի հիւանդութիւնը նահանջի»,– ըսած է ան։

Համայնքի ղեկավարը վստահեցուցած է` հակառակ հիւանդութեան լայն տարածման, մարզին մէջ, սակայն, համաճարակ չկայ։