Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքը հարուածներ հասցուցած է Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հուսի ապստամբներուն պատկանող զինուորական թիրախներուն Հոտէյտա նահանգին մէջ, որոնք կը սպառնան նաւագնացութեան՝ Կարմիր ծովուն մէջ։ Այս մասին յայտարարած է դաշինքի պաշտօնական ներկայացուցիչ Թուրքի ալ Մալիքի։
«Ալ Արապիա»-ն հաղորդած է Հոտէյտայի զէնքի պահեստներուն մէջ տեղի ունեցած պայթումներու մասին, իսկ Reuters-ը, վկայակոչելով ականատեսներ, յայտնած է Կարմիր ծովուն մէջ գտնուող Քամարան կղզիին հասցուած հարուածներուն մասին։
«Ռազմական գործողութիւնը աւարտած է, եւ Եմէնի բոլոր նաւահանգիստները, ներառեալ Հոտէյտան, Ռաս Իսան եւ Ալ Սալիֆը, բաց են նաւարկութեան համար։ Անոնք կը շարունակեն ընդունիլ սննդամթերք, վառելանիւթ եւ շինանիւթեր փոխադրող առեւտրային նաւերը»,– ըսած է դաշինքի ներկայացուցիչը։ Ան նաեւ հուսիները մեղադրած է Սանայի միջազգային օդակայանէն առեւտրական թռիչքները վերսկսելէ հրաժարելու համար։
Միեւնոյն ժամանակ, ապստամբներու կողմէ վերահսկուող SABA լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հուսիներու հակաօդային պաշտպանութիւնը, իբրեւ թէ, ստիպած է Սէուտական Արաբիոյ կործանիչները լքել երկրի օդային տարածքը։