Գերմանիոյ հայոց թեմին մէջ իր հովուական ծառայութիւնը մատուցող Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեանը, որ կը գործէ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեանի առաջնորդութեան ներքեւ, այս օրերուն իր տարեկան արձակուրդը կ՚անցընէ Պոլսոյ մէջ։ Այդ առիթով ալ ան այցելեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանին՝ ստանալու Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը եւ փոխանցելու Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդին ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։
Ստորեւ այդ մասին Պատրիարքարանի պաշտօնական էջով կատարուած լրատւութիւնը
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան օրերս ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեանը, որ տարեկան արձակուրդը կ՚անցընէ քաղաքիս մէջ։ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։ Հիւր հայր սուրբը նշեց, որ քաղաքս գտնուելու առիթէն օգտուելով փափաքած էր ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փոխանցեց՝ Գերմանիոյ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ եպսկ. Իսախանեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ հիւր հայր սուրբը քաղաքիս մէջ կեցութեան ընթացքին առիթ կ՚ունենայ ծանօթանալու պատմամշակութային ժառանգութեան եւ կոթողներուն, ինչպէս նաեւ պատկերացում կազմելու՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մասին, բազմաթիւ հաստատութիւններով հանդերձ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ՝ Տ. Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան հնարաւորութիւն կ՚ունենայ քաղաքիս մէջ եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցելու եւ Ս. Պատարագ մատուցելու կեցութեան օրերուն։