Այսօր Լոնտոնի մէջ սկիզբ պիտի առնէ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով գաղթական դարձած քաղաքացիներու հարցերուն նուիրուած բարձր մակարդակի համաժողով մը: Տասնեակ երկիրներ այս ժողովին պիտի մասնակցին՝ քննարկելու համար գաղթականներու հարցերը եւ մասնաւորապէս տարբեր երկիրներու համար լուրջ սպառնալիք դարձած գաղթականներու ներհոսքին առաջքը առնելու մօտեցումները: Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով ծանր վնասներ կրած երկիրները հերթի կանգնած են որոշիչ եւ շնորհատու համարուած երկիրներուն ՝ Մեծն Բրիտանիայի, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի, Հոլանտայի, Ճափոնի, Չինաստանի, Քաթարի ու Սէուտական Արաբիոյ առջեւ անոնցմէ դրամական օգնութիւններ ստանալու: Այս երկիրներուն մէջ առաջնակարգ դիրք կը գրաւեն մասնաւորապէս Յորդանանը, Լիբանանը եւ Թուրքիան: Մինչ Թուրքիա, որպէս ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր մեծագումար յատկացումներ կը ստանայ, անդին Յորդանան եւ Լիբանան կը սպասեն իրենց տրուած խոստումներու իրականացման: Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ օրինակ, այս առթիւ Լոնտոն ժամանած է լրատուական ծառայութիւններուն խօսելով, յայտնած է, թէ իր կառավարութիւնը 11 Միլիառ Ամերիկեան Տոլար յատկացումի մը խոստումին հիման վրայ է, որ կը ներկայանայ ժողովին: Հաշէմեան թագաւորութեան գործերը մէկ աստիճանով աւելի լաւ են եւ այս առումով Ուաշինկթըն կատարած իր վերջին այցին ընթացքին Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը նոյնպէս մեծագումար նիւթական օժանդակութիւններ ստանալու խոստումներ ստացած էր: Այս բոլորը թուարկելէ ետք կարեւոր կը համարենք նշել Հայաստանի պարագան, որ նման կարեւոր ժողովներու ներկայանալու հնարաւորութիւն ունի բայց կը թերանայ: Կը թերանայ, ոչ թէ չկամութեան հետեւանքով, այլ կը թերանայ իբրեւ անմիջական արդիւնք կողմերուն միջեւ բացակայող համակարգումին իբրեւ բնական հետեւանք: Հարց պիտի տանք՝ ո՞ւր են սուրիահայերուն իրաւունքները պաշտպանողները, կամ արդեօք Հայաստան իրաւասու կողմ չէ՞ իր տարածքին ապրող շուրջ 10 հազար սուրիահայերուն անմիջական օժանդակութիւններ ստանալու: Տարբեր առիթներով խօսակցութիւններ կը լսուին այն մասին, որ Երեւանի կամ Պէյրութի մէջ ապրող սուրիահայեր տարբեր ծաւալի օգնութիւններ կը ստանան: Կան նաեւ սուրիահայերու հարցերով զբաղող ոչ կառավարական աշխուժ միութիւններ: Տակաւին ամբողջական գնահատանքի արժանի են Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող այն մարմինները, որոնք գիշեր ցերեկ մեղուափեթակի վերածուելով, կը ջանան իրենց օժանդակութեան բաժինը բերել եւ հասնիլ սուրիահայերու ծով կարիքներուն: Այս բոլորը արժանի են բարձր գնահատանքի: Խնդիրը անոնց կատարած գործին գնահատականներ արձակելը չէ, այլ մատնացոյց ընել այն առիթները, որ հերթական անգամ մեր աչքերուն առջեւ կը սպառին: Կը սպառին ե՛ւ իբրեւ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդ ե՛ւ իբրեւ մեծ թիւով գաղթական «պահող» երկիր: Հարցում. մենք կարելիութիւնը ունի՞նք այսօր Լոնտոնի մէջ կայացող ժողովի մը սեղանին շուրջ նստելու: Մենք իրաւասո՞ւ ենք սուրիահայերու խնդիրները բարձրաձայնելու: Տակաւին մենք կարողականութիւնը ունի՞նք աշխարհին ըսելու, որ այսօր Երեւանի մէջ կ'ապրին հազարաւոր սուրիահայեր, որոնք մուրացկանի կարգավիճակ չունին եւ որոնք օրն ի բուն իրենց քրտինքով կը վաստակին իրենց հացը՝ առանց բեռ ըլլալու իրենց ապրած երկրի կառավարութեան: Յուզախառն շարադրութիւն գրած չենք ըլլար, եթէ շեշտադրենք, որ սուրիահայերը, հակառակ բոլոր տիպի տագնապներուն, պահեցին իրենց ու նաեւ մեր արժանապատուութիւնը: Անոնք չկքեցան ցաւին առջեւ եւ իրենց սեւ հացը շահելու ատեն չտրտնջացին: Հարկ է, որ մենք բոլորս այս մասին մտածենք: Մտածենք սուրիահայերու դատը ամենաբարձր ամպիոններու առջեւ ներկայացնելու մասին, քան թէ Երեւանէն, Պէյրութէն ու Հալէպէն մեր հայրենակիցներուն լռիկ- մնջիկ հեռանալը տեսնենք ու այդ մեծ կորուստներուն առջեւ համր ձեւանանք:
Խմբ.