Լրատուական աղբիւրներ յաճախ նիւթեր, նկարներ եւ նորութիւններ կը հրապարակեն Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմաա Ալ-Ասատի մասին: Հակառակ որ Պաշար Ասատի եղբայր Մահէր Ասատ նոյնպէս դարձած է լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոն, սակայն, անոր կնոջ՝ Մանալ Ճատհանի մասին շատ քիչեր գիտեն, լսած կամ տեսած են,- կ'անդրադառնայ «Ալ-Տիար» պարբերականը, Սուրիոյ նախագահի եղբօր՝ Մահէր Ասատի կնոջ մասին հրապարակուած նիւթով մը:
Կամաւոր աշխատանքէն բացի, Մահէր Ասատի կինը սուրիացիներու սիրելի յատկանիշ մը ունի կը գրէ թերթը նշելով, որ Մանալ Ասատ մրցանակներու արժանացած ձիավար է: Ձիավարժութիւնը, որու հիմքը Սուրիոյ մէջ դրած էր Պասէլ Ասատ, անոր մահէն ետք իր առաջնային տեղը կորսնցուցած էր, սակայն կամաց-կամաց վերագտած էր իր դիրքը անոր եղբօր կնոջ՝ Մանալ Ասատի շնորհիւ, որ միաժամանակ ձիավարժութեան միութեան պատուոյ նախագահն է եւ կարեւոր ժամանակ կը տրամադրէ նոր մարզիկներու պատրաստութեան գործին:Ան մայր է երեք զաւակներու՝ Պուշրան, որ կը կրէ Մահէր Ասատի քրոջ անունը, Շամը՝ եւ կրտսեր որդին՝ Պասէլը, որ կը կրէ հանգուցեալ Պասէլ Ասատի անունը:
Մանալ կը սերի ազնուական սիւննի ընտանիքէ: Անոր հայրը եղած է քաղաքական գործիչ եւ հետապնդումներու պատճառով երկրէն հեռանալով ապաստանած է Սէուտական Արաբիա ու հոնկէ անցած ՝ Լոնտոն, ուր աշխատած եւ մեծ հարստութիւն ձեռք ձգած էր: 1984-ին Մանալ հանդիպած էր Մահէր Ասատին, անոնց յարաբերութիւնը շարունակուած էր 20 տարի եւ պսակուած՝ 10 մարտ 2003-ին:
Կ'ըսուի, որ անոր հայրը՝ Թաուֆիք Ճատհան եւ քոյրը Մաճըտ, կտրականապէս դէմ եղած են այդ ամուսնութեան, մինչ մայրն ու եղբայրը՝ Պասէլ աջակցած են անոր: Հայրը մահացած է Մանալի ամուսնութեան արարողութենէն 10 օր անց:
2011-ին, «Սուրիական Յեղափոխութիւն» կոչուած շարժումը սկսելէն ետք, անոր քոյրը՝ Մաճըտ, Յորդանան փախած էր եւ յայտարարած իր կողմնակցութիւնը՝ Սուրիական ընդդիմութեան, պահանջելով քաղաքական փոխանցում Սուրիոյ մէջ, սակայն ոչ ոք անոր պատասխանատու պաշտօն մը չէ վստահած ընդդիմութեան մէջ եւ այդպիսով անոր մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուած:
Մանալ Ասատ Սուրիոյ ձիավարժութեան միութեան պատուոյ նախագահն է: Ան 180 նիշով, առաջին տեղը գրաւած էր Պասէլ Ասատի անուան սուսերամարտի եւ ձիավարժութեան ակումբի մրցաշարքին, դառնալով ասպետ Ճատհան, առաջին սուրիացի կին մրցանակակիրը:
Անոր երկու դուստրերը առաջին դիրքեր գրաւած են « Հաւատարիմ մնալով Պասէլին- 2015 շրջան»ի ձիավարժութեան մրցումներուն: Ան հիմնած է ձիավարժութեան ակումբ մը, որ կը կրէ «Team Spirit» անունը եւ կը մասնակցի մրցաշարքներու:
Սուրիոյ մէջ կարգ մը լրատուամիջոցներ յաճախ կը նշեն, որ ձիավարժութիւնը, որ նախապէս ժողովուրդի բոլոր խաւերուն հասանելի մարզաձեւ էր, այսօր դարձած է հարուստ խաւի գործատէրերու եւ անոնց զաւակներուն մենաշնորհ մարզաձեւը:


