Արաբական թերթերն անդրադարձած են ԱՄՆ նախագահ Թրամբի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի լեզուակռիւին, նշելով, որ ի պատասխան Ռոհանիի կողմէ Թրամբի հասցէին հնչեցուած սպառնալիքին, վերջինս նոյնպէս սպառնացած է, յայտնելով, որ ԱՄՆ-ի սպառնացողն այնպիսի ճակատագիրի պիտի հանդիպի, որուն շատ քիչեր հանդիպած են պատմութեան ընթացքին:
Լիբանանեան «Ալ Քուտս» թերթին կարծիքով, Թրամբ տրամադրուած կերպով կը փորձէ սահմանափակել իրանեան ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ, որուն դրսեւորումներէն է ոչ միայն վերջինս Սուրիայէն եւ Եմէնէն հեռացնելու փորձը, այլ անգամ իրանեան վարչակարգի թիրախաւորումը:
Թերթը դիտել տուած է, որ թէեւ Իրան չորս արաբական երկիրներու մէջ զգալի ազդեցութիւն ունի, սակայն ան պիտի խուսափի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ իր խաղաթուղթերն օգտագործելէ, բան մը, որ առիթ պիտի տայ ամերիկա-իսրայէլեան խոշոր հարուածի:
Թերթին համոզմամբ, «իրանեան առիւծ»ն իր պոչը պէտք է պահէ եւ դադրի «պատերազմներու մայր» եզրն օգտագործելէ, միաժամանակ վերանայելով իր հաշիւներն ու սառեցնելով իր ազդեցութեան ընդլայնումը, որմէ ետք պիտի հասնի այն եզրակացութեան, թէ առիւծի գլուխը պահելն աւելի առաջնային է, քան՝ պոչը: