image

Ուաշինկթըն Մոնտիալին հետեւողները զգուշացուցած է Ռուսիոյ լրտեսական ծրագիրներէն

Ուաշինկթըն Մոնտիալին հետեւողները զգուշացուցած է Ռուսիոյ լրտեսական ծրագիրներէն

Ամերիկայի Ազգային անվտանգութեան վարչութեան եւ լրտեսութեան դէմ պայքարի կեդրոնի տնօրէն Ուիլիամ Իւանինա զգուշացուցած է Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան հետեւելու նպատակով Ռուսիա մեկնիլ ցանկացողները, շեշտելով, որ իրենց հեռախօսներն ու համակարգիչները կրնան ցանցահէններու կողմէ ի շահ Քրեմլինի լրտեսութեան ենթարկուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Իւանինա նշած է նաեւ, որ որեւէ ելեկտրական գործիքի վրայ առկայ տեղեկութիւնները կրնան հասանելի ըլլալ Ռուսիոյ կառավարութեան, մանաւանդ անոնք, որոնք անձնական տուեալներ կը պարունակեն:

Իւանինա դիտել տուած է, որ հիմնական թիրախ հանդիսացողները բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու ընկերութիւններու տնօրէններն են: