Իրաքցի պատգամաւոր Ապտ Ալ Իլահ Ալ Նայիլի զգուշացուցած է ԱՄՆ-ի գլխաւորած Միջազգային Դաշնութեան ուժերու մտադրութենէն, նշելով, որ վերջիններս կը պատրաստուին իրաքեան հողերն օգտագործել Սուրիոյ դէմ հրթիռակոծումներ իրականացնելու համար:
«Ալ Մաալումա» կայքը, փոխանցելով իրաքցի պատգամաւորին յայտարարութիւնը, յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն պիտի օգտագործէ իրաքեան հողերու վրայ իր գոյութիւնը, խախտելու համար Իրաք-Սուրիա սահմանի անվտանգութիւնը, միաժամանակ ձգտելով այն վերածել ահաբեկիչներու զինման վայրի:
Պատգամաւորը կոչ ուղղած է ապահովել Իրաքի, Սուիոյ եւ Յորդանանի սահմաններու անվտանգութիւնը, այնտեղ զօրք տեղադրելով եւ օտարերկրեայ ուժերու գոյութիւնը չէզոքացնելով: