image
Հրատապ լուրեր:

Որպէս բողոքի նշան փակուած է Սուրբ Յարութիւն Տաճարի դուռը. Աղբիւր

Որպէս բողոքի նշան փակուած է Սուրբ Յարութիւն Տաճարի դուռը. Աղբիւր

Այսօր՝ կիրակի 25 փետրուարին, փակուած է Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն Տաճարը:Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէմի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ եկեղեցիի փակման մասնակից դարձած է Երուսաղէմի  Հայոց Միաբանաութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Երուսաղէմի երեք իրաւատէր համայնքներու Հոգեւոր Պետերը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը, Յոյն Պատրիարքը եւ Ս. Երկրի Քուստոսը, ի նշան բողոքի, այսօր ժամը12:00-ին, փակեցին Ս. Յարութեան տաճարի դուռը եւ տաճարի մուտքի առջեւ ընթերցեցին երեքի կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը:


Անոնք կը բողոքէին Երուսաղէմի քաղաքապետարանի որոշման դէմ, որու համաձայն հրահանգուած է քրիստոնեայ համայնքներուն` քաղաքապետարանին հարկ վճարել, եկեղեցիներու եւ վանքերու համար, ինչէն քրիստոնեայ համայնքները դարեր շարունակ ազատուած եղած են:


Յայտարարութիւնը նաեւ կը բողոքէր Քնեսեթի մէջ առաջարկուած օրինագիծի դէմ, որու համաձայն պետութեան իրաւունք պիտի տրուի բռնագրաւել եկեղեցապատկան այն կալուածները, որոնց վարձակալութիւնը կը տրուի անհատ ձեռներեցներու եւ չի վաւերացուիտ Քնեսեթի կողմէ: 


Տաճարը պիտի մնայ փակ մինչեւ Հոգեւոր պետերու նոր յայտարարութիւնը: