image

Վլատիմիր Փութինի կոչը արաբ ղեկավարներուն

Վլատիմիր  Փութինի կոչը արաբ ղեկավարներուն

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կիրակի օր մեկնարկած Արաբական լիկայի գագաթնաժողովին նամակ մը յղած է, ուր ողջունելով լիկայի անդամ պետութիւնները, յայտնած է, որ Ռուսաստանը պատրաստ է Արաբական լիկայի հետ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու,տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման նպատակով:

Ան մասնաւորապէս ըսած  է. «Ռուսաստանը պատրաստ է լիարժէք (ամբողջական) համագործակցութիւն սկսիլ Արաբական լիկայի անդամ պետութիւններուն հետ, որպէս երաշխիք տարածաշրջանային անվտանգութեան: Յոյս ունիմ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ «Տահէշ»ի հիմնական ուժերը կործանելէ ետք, պիտի կարենանք միասնաբար աշխատիլ եւ աշխուժացնել  քաղաքական կարգաւորման ջանքերը, ինչպէս նաեւ սկսիլ այս շրջաններու յետպատերազմեան վերակառուցուման գործը եւ մարդասիրական հրտապ խնդիրներուն լուծուման աշխատանքները»: