image

Վիենայի Մէջ Կարեւոր Բանակցութիւններ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով. «Ալ-Նահար»

Վիենայի Մէջ Կարեւոր Բանակցութիւններ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով. «Ալ-Նահար»

Վիենա- («Ալ-Նահար»- Պէյրութ)- Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պայքարի վերսկսումէն 4 օրեր ետք, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը այսօր կը հիւրընկալէ Մինսքի խումբի ժողովը, որ պիտի քննարկէ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ենթակայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանանեան «Ալ-Նահար»ը, նշելով, որ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ գլխաւորած այս յանձնախումբի ժողովին յանձնարարուած է լուծում գտնել 20 տարիներէ ի վեր Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ «սառեցուած հակամարտութեան» եւ վերջ տալ վերսկսած կռիւներուն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս ճգնաժամը «առաջին թեման» եղած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի  եւ անոր ամերիկացի գործընկեր Ճոն Քերին միջեւ եղած հեռախօսազանգին:

Իր հերթին, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշած է,  որ Լաւրով եւ Քերի դատապարտած են առճակատումները սրող «արտաքին կողմերու» փորձերը, ակնյայտ յղում ընելով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ Պաքուի դաշնակից Էրտողանը Մինսքի ժողովի նախօրէին փորձած էր բորբոքել լարուածութիւնը, շեշտելով, որ «Լեռնային Ղարաբաղը անկասկած օր մը պիտի վերադարձուի Ազրպէյճանին»:

Կը նշուի նաեւ, որ երէկ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին տիրող մարտերու 3-րդ օրը, 13 զոհ արձանագրուած է երկու կողմերու շարքերէն: