Սուրիական «Սանա» գործակալութեան հաղորդմամբ շաբաթ երեկոյեան երկու պայթումներ լսուած են Դամասկոսի մէջ։
Մանրամասնութիւններուն մէջ կը հաղորդուի, որ ականները պայթած են մայրաքաղաքի Ունս Պըն Մալէք յայտնի մզկիթին կից։
Պայթումներուն հետեւանքով զոհուած է երկու անձ եւ գրանցուած են վիրաւորներ։
Նշենք, որ պայթումը տեղի կ՚ունենայ այսօր ՝ կիրակի ընթացք առնելիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ, որոնք արդէն 3-րդը պիտի ըլլան 2011թուականին սկիզբ առած հակամարտութենէն ի վեր։
«Արեւելք» այսօր պիտի հետեւի Սուրիոյ ընտրութիւններու կարեւոր զարգացումներուն։