Վայոց Ձորի մարզի Ելփին գիւղի տարածքին Հայկական զինուած ուժեր վար առած են հակառակորդի անօդաչու թռչող սարք մը: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Յովհաննիսեան նաեւ յայտնած է, թէ սարքին մասին յաւելեալ լրացուցիչ տեղեկութիւններ պիտի տրուին յետագային: