Լաւ է, երբ մարդիկ կը զրուցեն իրար հետ, սակայն երկու կողմերն ալ պատրաստ պէտք է ըլլան, որ խօսքերուն հետեւին յստակ գործողութիւնները։ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումներու եւ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին վերաբերեալ անոնց դերի մասին հարցին այսօր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ այսպէս պատասխանած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը։
«Կը կարծեմ, որ խիզախ քայլեր ձեռնարկած է պարոն վարչապետը»,- Փաշինեանին մատնանշելով՝ ըսած է Մերքէլը եւ նշած, որ միւս կողմն ալ պէտք է նոյնքան խիզախութիւն ցոյց տայ իր քայլերուն մէջ։ Վերջին հաշուով, ըստ Մերքէլի, երկու կողմերը պէտք է համաձայնութեան հասնին։
Անոր խօսքը շարունակած է վարչապետ Փաշինեանն ու բացատրած, թէ ինչ «խիզախ քայլերու» մասին է խօսքը։ Ան յիշեցուցած է, որ ամիսներ առաջ ինքը Հայաստանի խորհրդարանէն ներս յայտարարած է, որ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ցանկացած տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար։
«Եւ ես յոյս ունէի, որ այդ յայտարարութեանը նմանատիպ յայտարարութիւն կը հետեւի նաեւ ատրպէյճանական կողմից, բայց ցաւօք սրտի, ատրպէյճանական կողմից ոչ մի պաշտօնեայ նոյնիսկ կիսաձայն չի բարձրաձայնում, որ Ղարաբաղի հարցի որեւէ լուծում կարող է ընդունելի լինել Հայաստանի ժողովրդի եւ Ղարաբաղի ժողովրդի համար։ Ես կարծում եմ, որ ահա այս մի յայտարարութեան պատմութիւնը յստակ ցոյց է տալիս այն իրավիճակը, որ մենք ունենք բանակցային գործընթացում։ Եւ քանի դեռ համարժէք յայտարարութիւններ չեն հնչում նաեւ Ատրպէյճանից, մենք շատ մեծ յոյսեր ունենալ, որ կարող ենք առաջ շարժուել այս ուղղութեամբ, ցաւօք, չենք կարող»,- ըսած է Փաշինեանը։
Վարչապետը հաստատած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նուիրուած է բանակցային գործընթացին մէջ հարցը բացառապէս խաղաղ լուծելու ձեւաչափին։ Փաշինեանը նշած է, որ քննարկումներու ընթացքին յստակ արձանագրած է՝ ինքը կրնայ բանակցիլ ՀՀ անունէն, բայց չի կրնար բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի անունէն, քանի որ Արցախի ժողովուրդը չի մասնակցիր ՀՀ ընտրութիւններուն, քուէ չէ տուած Փաշինեանին եւ առհասարակ ունի սեփական ընտրուած իշխանութիւններ։