Գամիշլիի մէջ այսօր վախճանած է շրջանի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Նշենք, որ վախճանեալ Տէր Հայրը կը կոչուի Տ. Յակոբ Քհնյ. Մելքոնեան: Այս մասին բօթը կը փոխանցուի Հալէպի «Գանձասար»ին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ վախճանեալ Տէր Հօր վերջին յարգանքի եւ թաղման կարգին մասին մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին առաջիկային: