image

Վախճանած Է Գամիշլիի Հայ Առաքելեական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը

Վախճանած Է  Գամիշլիի Հայ Առաքելեական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը

 Գամիշլիի մէջ   այսօր   վախճանած է  շրջանի  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Նշենք, որ   վախճանեալ  Տէր Հայրը կը կոչուի Տ. Յակոբ   Քհնյ. Մելքոնեան: Այս մասին   բօթը կը փոխանցուի  Հալէպի «Գանձասար»ին կողմէ:  Աղբիւրը նաեւ կը  նշէ, թէ  վախճանեալ Տէր Հօր  վերջին յարգանքի եւ թաղման կարգին մասին մանրամասնութիւնները   պիտի փոխանցուին առաջիկային: