image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան մասնակցեցաւ միջեկեղեցական ժողովին

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան մասնակցեցաւ միջեկեղեցական ժողովին

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Խորհուրդը ժողով գումարեց Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ քաղաքին մէջ՝ քննարկելու քոյր եկեղեցիներու գործակցութեան ամրապնդման, երիտասարդ սերունդին ուղղուած հոգեւոր ծրագիրներու զարգացման եւ ծխական համայնքներու միջեւ կապերու սերտացման հարցերը։ 

Նոյն ծիրէն ներս եւ  Քոյր Եկեղեցիներու  հետ   յարաբերութիւններու խորացման ու համագործակցութեան նոր առիթներ ստեղծելու  մտադրութեամբ ժողովին իր մասնակցութիւնը  բերած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

21 Հոկտեմբեր 2026-ին, Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ քաղաքին մէջ, Ս. Մարիամ եւ Ս. Աթանաս Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ժողովը՝ Գերշ. Տ. Սերապիոն Մետրոպոլիտի հովանաւորութեամբ։

Ժողովին ներկայ էին Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոր Քլեմիս Եուճին Գափլան Մետրոպոլիտը, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի ներկայացուցիչ՝ Տ. Ղեւոնդ Քիրազեան քահանան, որ կը ներկայացնէր Գերշ. Տ. Կեղամ Արք. Խաչերեանը՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը։

Ժողովը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած միասնական աղօթքով, որմէ ետք մասնակիցները հաւաքուեցան ժողովասրահ, ուր Սերապիոն Մետրոպոլիտը ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց Խորհուրդի առաքելութեան վերահաստատման ու քոյր եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։

Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին հոգեւոր հովուական կապերու ամրապնդումը, երիտասարդ սերունդին ներգրաւումը եւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի ծուխերուն միջեւ գործնական համագործակցութեան զարգացումը։

2027-ի ծրագիրներուն ծիրին մէջ, Խորհուրդը հաստատեց հոգեւորականներու համատեղ հանդիպում եւ Ս. Պատարագ՝ 13 Մայիս 2027-ին, Ս. Մարիամ եւ Ս. Աթանաս Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Որոշուեցաւ նաեւ կազմակերպել կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներու համատեղ հանդիպում, զարգացնել 18-25 տարեկան երիտասարդներուն ուղղուած հոգեւոր ծրագիրները եւ թարմացնել շրջանի եկեղեցիներու ու հոգեւորականներու պաշտօնական ցանկը։

Ժողովի աւարտին որոշուեցաւ Խորհուրդի յաջորդ եռամսեայ ժողովը գումարել 28 Յունուար 2027-ին, Ս. Եփրեմ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիպումը փակուեցաւ օրհնութեամբ եւ սիրոյ սեղանով՝ վերահաստատելով քոյր եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական կապերն ու հասարակաց հոգեւոր ժառանգութիւնը։