«Անկախութիւն»ը կը խօսեցնէ.
Դարձեալ տպաւորութիւն կար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը, ուրախութիւն ու գոհունակութիւն, ցնծութիւն ու հպարտութիւն, յուսադրութիւն ու կայունութիւն կը պարգեւէ հայրենիքին թէ համայն հայութեան։
Տարօրինա՞կ էին այդ ակնկալութիւնները, անբնակա՞ն էին այդ մտածումները կամ անտեղի էին այդ սպասումները, երբ՝ ի դէմս անկախութեան տօնակատարութիւններուն, այլընկրանք չկար (չէր կրնար ըլլալ), այնքան ատեն որ՝ անիկա իւրաքանչիւր հայու համար սրբութիւն մըն էր, իր գոյութեամբ, արժանապատուութեամբ, սրտամօտիկութեամբ, զգացողութեամբ եւ իրապաշտութեամբ, միանգամա՛յն։
Կասկած չկայ, որ հայ ժողովուրդին մեծ մասը, Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն ներս, այդ հոգեպարարական զգացումներով եւ ոգեշնչումներով համակուած էր, որովհետեւ հայրենիքին ինքնիշխանութիւնն ու գերակայութիւնը, իրենց պետականութեամբ, այդ ճանաչողութեամբ ու սկզբունքներու հաւատքով ու վճռակամութեամբ փարած են անոնց։
Եթէ հայ ժողովուրդը, ցայսօր մնաց պատնէշի վրայ, պայքարեցաւ ու մարտնչեցաւ, կանգուն մնալու, դիմադարձելով բազում վտանգներու եւ աղէտներու, միայն այդ առաջադրանքներուն հարազատ մնալու հեռանկարներով, կը նշանակէ, որ՝ իրերայաջորդ սերունդներուն մօտ, այդ պահպանումն ու գործադրումը ԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ էր, ըմբռնուած ու հաղորդուած, նոյնիսկ ի գին այն մարտահրաւէրներուն, որոնք կը ցցուէին իր առաջ, ներքին թէ արտաքին աղբիւրներէ, հետեւաբար, զանոնք չէզոքացնելը կամ չքացնելը, «ճիտ»ին պարտքը կը նկատուէր չընկրկելու, չնահանջելու կամ անձնատուր չդառնալու, որեւէ արհաւիրքներու ու սոսկումներու դիմաց։
Իսկ պատճառնե՞րը այդ ամրակուռ հոսանքներուն, կեցուածքներուն ու մօտեցումներուն կառչած մնալը, միշտ այն երազն էր, տեսիլքը, անկախութենէն երբեք չհրաժարիլ, չմոռնալ ու չանտեսել զայն, որովհետեւ նման հաւանականութիւններու պարագային, անիկա ոչ միայն կրնար կորսուիլ եւ անհետանալ, այլ՝ ի սպառ… շոգիանալ։
Ճիշդ է, աշխարհաքաղաքական պայմանները, ոչ թոյլատու, ոչ ալ ձեռնտու էին, որ հայոց անկախութիւնը դառնար իրականութիւն, բայց, ատոնք իսկ խոչընդոտներ չէին, որ անիկա, օր մը, պիտի յայտնուի ու վերածուի, պաշտամունքի արժանի վէմի մը ու խարիսխի մը։
֍֍֍
Ի վերջոյ, 21 Սեպտեմբեր 1991ին, սպասուած անկախութիւնը ժամանեց, յուրախութիւն հայութեան, քանի այդքան դարերէ սպասումներէն ետք, անոր գալուստը, նոր շունչ մը տալու եւ ինքնաբաւարարութիւն մը շնորհելու առիթ մը պիտի հանդիսանար, համաշխարհային ընտանիքներուն մաս կազմելու ու դէպի նոր հորիզոններ ընթանալու ուղիներ հարթելու հաստատակամութեամբ։
Ճիշդ է, այդ իրագործումները յաջողցնելու համար, թէ՛ ժամանակի պահանջք կար, թէ՛ փորձառուներու պակաս, թէ՛ դիւանագիտական, թէ՛ տնտեսական բարդ ճանապարհ մը անցնելու փորձութիւն, զանոնք յաղթահարելը ու դիմակալելը, կը պարտադրէին ու կը ստիպէին, արդարացնելու անկախութեան վրայ յոյս ու դրոշմ ձգելու հեւքը, հաւատալով, որ այդ երթով միայն կրնան գուրգուրալ անոր վրայ, խնամել ու կենդանացնել ճիգերը, որպէսզի ան երբեք չընկրկի, խարխափի կամ տկարանայ։
Դժուարին երկունքներ, ճնշելի պայմաններ, սահմանափակ կարելիութիւններ, անծանօթ արահետներ եւ, ընդհանրապէս, նոր աշխարհ մը մուտք գործելու ու շփուելու, յարաբերելու ու բանակցելու հնարաւորութիւններ գտնելու հրամայականներ, որոնք անկախութեան սլացիկութեամբ, հեզասահութեամբ, նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ միայն կրնային թարմացնել, կենարարել, աճեցնել ու ծաղկեցնել անոր էութիւնը, անվհատ կամքով, անսպառ կիրքով, անհաշիւ եռանդով եւ անսահման ծառայութեամբ, նուիրուածութեամբ ու զոհողութեամբ։
Այդ «ուխտագնացութիւնները եւ երդմնառութիւնները, ծրագրաւորումները ու մշակումները», անկախութեան երթեւեկը ու գոյաշարժը դրսեւորելը, եղան այն հզօր կռուանները, որոնք դարձան անկախութեան յենակէտերը, քայլ առ քայլի յաջորդականութեամբ, աստիճանական յառաջդիմութիւններով, զգալի նուաճումներով, անկախութեան հզօրացման հող պատրաստել, բայց, իրադարձութիւնները միշտ ալ բաւարարապէս նպաստաւոր չէին, որովհետեւ, անիկա տակաւին, իր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ էր, սպասելով այն պահերուն, երբ աւելի հիմնաւոր դիրքերու վրայ կը յայտնուի, փորձագէտ հեղինակներու կազմաւորումով ու մասնագէտներու ընտրանքով, որոնց միջոցով, անկախութիւնը, հետզհետէ կրնայ գտնել իր ելիցը ու վերելքը։
Ահաւասիկ, այդ ընթացքներուն ու տեղաշարժերուն առողջացումն ու կենսունակութիւնն էին, որ անկախութիւնը պիտի պսակէին հրայրքի եւ վերապրումի սերմերով։
֍֍֍
Այս դասական հակիրճ մտորումներէն ետք, որոնք կրնան դուռ բանալ այն լրացումներու, թէ 35 տարուան անկախութիւնը, ո՞րքանով կրցաւ թափանցիկ դառնալ, ո՞րքանով՝ գոհացուցիչ եւ ո՞րքանով՝ ընդունելի։
Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի յատկապէս այն ժամանակներուն, երբ առաջին երեք նախագահներու պաշտօնավարութիւններն էին, ապա, վերջին վարչապետութեան իշխանութիւնը, որոնց գործունէութիւնները ու ղեկավարութիւնները, միշտ չէ որ ողջունելի ու ծափահարելի եղած են, մասնաւորաբար, ի լուր, երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն, որոնց մասին գովեստով կամ դրականութեամբ խօսիլը, ոչ միայն անհեթեթութիւն է, այլեւ՝ ցաւցնող ցնորք։
Մօտաւորապէս չորսուկէս միլիոննոց Հայաստանի բնակչութիւնը, ինչո՞ւ այսօր, կը հաշուէ շուրջ երկուկէս միլիոն, ինչո՞ւ գաղթեցին հայրենաբնակները իրենց երկրէն, ինչո՞ւ դժգոհ էին, ինչո՞ւ պրկուած էին, ինչո՞ւ անխօս էին եւ բազմաթիւ այլ հարցադրումներ, իսկ այս երկու (չ)նախագահները, տասական տարիներ «տիրելէ եւ իշխելէ» ետք, պարզ դարձաւ, այլեւ՝ բացայայտուեցաւ, որ անոնք նշանաւոր թալանչիներ են, կեղեքիչներ, յափշտակիչներ, ամէն մէկը անձամբ թէ ընտանիքով կամ մերձաւորներով, ամբողջ Հայաստանը եւ հայաստանցիները «կռփած, լլկած ու քամած» են, առանց պատասխանատուութեան կանչուելու, ամէնէն խիստ պատիժներու ենթարկուելու վճիռներով, դժբախտաբար, անոնք մնացին հրապարակներու եւ այլուր՝ խամաճիկներու դերերու ու շրջանակներու մէջ, իրենց ներքին եւ արտաքին ԱՒԱՐՆԵՐՈՒ պահպանումով (ընդ որուն՝ նաեւ արտասահմանեան), առաւել՝ փոխանակ իրենց ծննդավայր (՞) Արցախին տէր դառնալու ու հոն վերադառնալու, այս մարդուկները, առօք-փառօք, շրջեցան ու կը շրջին ամենուր, յատկապէս, երկրորդ նախագահը, որ «զայիմ»ի ու «տուզ»ի հովերով, խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին, ամենուր էր, իր «ծախու» թիմակիցներով։
2018ի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը, երբ ծնունդ առաւ, իր զանազան դերերով ու թեւաւորումներով, դարձեալ չկրցաւ ազդու ներկայութիւն մը դառնալ, մինչեւ որ՝ վերածուեցաւ ուրիշ «խմբավար»ի մը, այն տարբերութեամբ, որ իր երթը շարունակեց դէպի «իրական Հայաստան», ապա, «չորրորդ հանրապետութիւն» առանցքին, հուսկ, բոլորովին այլ բեւեռներու վրայ թառելով, նոր լոզունգներու փնտռտուքով ու կառչումով, շեշտելով, որ՝ ինք պատերազմի դէմ է, այլ՝ պաշտպան խաղաղութեան, առաւել՝ իր հարեւաններու հետ, մերձեցումներու հակամէտ մը, նոյնիսկ մոռնալով, որ՝ եթէ Հայաստանի իշխանութեան վարչապետ է, ապա, թոյլատրելի՞ է, որ Սփիւռքը ու սփիւռքահայութիւնը… անտեսուին։
֍֍֍
Այս մասին եւ ընդհանրապէս բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած եմ ու «կշիռ»ներու վրայ դրած եմ այս «աղաղակող» կացութիւնները, իմ հայեցողութեամբ ու տեսադաշտերով։
Սակայն, հիմա, 35ամեակ է ու կը կարծուէր, որ այս կամ այն կողմը, իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն, քիչ մը խելքի կու գան ու կը զգաստանան, բայց, աւելի կը լրջանան ու կը համեստանան, առանց զիջելու իրենց հայեացքներէն, տեսակէտներէն ու դիրքերէն, բայց, կը տեսնենք որ խայտառակութիւնները կը շարունակուին Ազգային Ժողովէն ներս։
Չենք գիտեր, ի՜նչ պիտի անուանենք այդ ամօթալի ասեկոսէները, ի՜նչ բառապաշարներով, ի՜նչ անուանարկումներով, քանի ատոնք ի՜նչ պատիւ ու վարկ կը բերեն Հայաստանի պետութեան եւ առհասարակ հայութեան ժողովրդականութեան։
Ահաւոր ու չլսուած ու չտեսնուած տգեղ տեսարաններ, անվայել արտայայտութիւններ, կշտամբանքներ իրարու նկատմամբ, այլանդակ վերաբերմունքներ, իսկ ասոնք, ո՞վ ըսաւ, որ նորութիւններ են՝ Ազգային Ժողովի մէջ եւ անոր պատգամաւորներուն մօտ, տակաւին չհաշուած ծեծուըռտուքներն ու հրմշտուքները։
Կը մնայ զարմանալ (թէ՞ ապշիլ), որ Ազգային Ժողովը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ ու կը գնահատէ իր ելոյթները, երբ ի՜նչ ժողովրդավարութեան, ի՜նչ կրթութեան, ի՜նչ համակեցութեան, ի՜նչ հասկացողութեան մասին կը խօսուի, մոռնալով՝ հայրենիքի բարօրութեանց, օրինակելիութեանց, իմաստալիութեանց ու նշանակելիութեանց գերադասութիւնները, մինչ պատգամաւորները կը զբաղին պոռչտուքներով, զիրար վարկաբեկելով եւ անարգելով։
Նախապէս գրած էի, թէ ժամն է, որ նոր Ազգային Ժողովը նուիրուի կառուցողական ու շինարարական օրակարգերու քննարկումներու, բայց, ի՜նչ հեգնանք, կը տեսնենք ու կը լսենք ամէն ոք միւսին «թղթապանակ»ը կը բանայ, զայն պախարակելու ու սեւցնելու, ճղճիմացնելու ու մեղաւորելու փորձերով։
Միթէ ասիկա՞ էր անկախութեան որդեգրումը եւ անկէ պտղաբերուելու ու կողմնորոշուելու հրճուանքը ու գոյարշաւը, իսկ ժողովրդավարութիւնը ո՞ւր կը գտնուի կամ ինչպէ՞ս կարելի է զայն բնորոշել, այնքան ատեն, որ՝ անոնք հիմնովին բացակայ են, իսկ Ազգային Ժողովը ատոր տխուր ու խեղճուկրակ արատաւոր խորհրդանիշը սկսած է դառնալ։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)