Ատրպէյճան մարդասիրական օգնութեան շրջածիրէն ներս 1,5 միլիոն տոլարի արժողութեամբ ուժանիւթի սարքաւորումներ փոխանցած է Ուքրանիոյ։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Սէյմուր Մարտալիեւը։
Ատրպէյճանցի դիւանագէտին համաձայն՝ Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարարութեան փոխանցուած են ինը ելեկտրական փոխակերպիչներ, 186 քիլոմեթր մալուխ եւ 12 քիլովոլթ լարումով բաշխիչ սարքեր։ Սարքաւորումները փոխանցած է Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը։
«Օգնութեան շրջածիրէն ներս Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարարութեան փոխանցուած են ինը ելեկտրական փոխակերպիչներ, 186 քիլոմեթր մալուխ եւ 12 քիլովոլթ լարումով բաշխիչ սարքեր», գրած է Մարտալիեւ ընկերային ցանցերու իր էջերուն մէջ։