Ռուսիա չ՚ուզեր, որ Պալթեան ծովուն մէջ ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ, ինչպիսին գոյացած է Հորմուզի նեղուցին եւ Պարսից ծոցին մէջ։ Այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է Ռուսիա-Ափրիկէ գագաթնաժողովի արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
Ռուսիոյ ղեկավարին համաձայն՝ Պալթեան ծովուն մէջ նաւարկութեան ապահովութեան հարցերը քննարկուած են Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթուպի եւ Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կառ Սթեորէի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին։
Փութին նշած է, որ Ֆինլանտան եւ եւրոպական շարք մը այլ պետութիւններ հանդէս եկած են միջազգային յարաբերութիւններու բոլոր մասնակիցներու կողմէ միջազգային ծովային իրաւունքի դրոյթներու պահպանման օգտին։ Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիա կ՚աջակցի այս մօտեցման։
«Մենք կ՚աջակցինք այս մօտեցման։ Իսկ հակառակ պարագային ի՞նչ պիտի պատահի։ Հակառակ պարագային պիտի ստեղծուի իրավիճակ, որ պիտի նմանի Հորմուզի նեղուցին մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Արդեօք մէկը կ՚ուզէ՞, որ Պալթեան ծովուն մէջ ստեղծուի նոյն իրավիճակը, ինչպիսին է Պարսից ծոցին կամ Հորմուզի նեղուցին մէջ։ Չեմ գիտեր։ Մենք այդ չենք ուզեր», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը։