Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի գլխաւորած ռուսական պատուիրակութիւնը ժամանած է Աթլանթա՝ Մեծ քսանեակի (G20) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման մասնակցելու համար։ Կառավարական օդանաւը վայրէջք կատարած է Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի մայրաքաղաքին օդակայանը։
Հոկտեմբեր 30-31-ին տեղի կ՚ունենայ G20-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը՝ որպէս նախապատրաստութիւն Մեծ քսանեակի առաջնորդներու Դեկտեմբեր 14-15-ին Մայամիի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին։
Այս այցելութիւնը ուշագրաւ է այն առումով, որ, բացի 2026-ին Ալասքայի մէջ տեղի ունեցած Անքորիճի գագաթնաժողովէն, վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Միացեալ Նահանգներ այցելած էր բացառապէս՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի շրջածիրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով։
Վերջին անգամ, 2019-ի Դեկտեմբերին, Լաւրով այցելած էր Ուաշինկթըն՝ երկկողմ բանակցութիւններ վարելու համար։
Աւելի վաղ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած էր, որ տակաւին որոշում չէ կայացուած, թէ արդեօք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ պիտի մասնակցի՞ Մայամիի մէջ կայանալիք G20-ի գագաթնաժողովին։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ անկասկած կ՚ուզէր Փութինը տեսնել գագաթնաժողովին։