Երեւանի մէջ կայացած կենսաբազմազանութեան նուիրուած COP17 համաժողովին եւ «ՀԱՏԻԿ» (HATIK) ծրագիրին ծիրէն ներս կազմակերպուած «Կենսաբազմազանութիւն եւ Կաստրոնոմիա» խորագրով երեկոն համախմբեց հայկական հողին բարիքները, խոհարարական արուեստն ու գինեգործական ժառանգութիւնը։ Երեկոյին մասին իր տպաւորութիւնները կը փոխանցէ «Հին Արենի» հանրածանօթ գինեգործական հաստատութեան վաճառքի եւ գովազդի բաժնի պատասխանատուներէն Արա Միհրանեանը՝ ընդգծելով հայկական կենսաբազմազանութեան արժէքը եւ տեղական արտադրանքի միջազգային ներկայացման կարեւորութիւնը։
Հայկական կենսաբազմազանութիւնը՝ խոհարարական արուեստի եւ գինեգործութեան ընդմէջէն
Երեւանի մէջ կայացած կենսաբազմազանութեան նուիրուած COP17 համաժողովին եւ «ՀԱՏԻԿ» (HATIK) ծրագիրին ծիրէն ներս, մեծ պատիւ եւ հաճոյք էր մասնակցիլ «Կենսաբազմազանութիւն եւ Կաստրոնոմիա» խորագրով երեկոյին, որ կազմակերպուած էր Լիոնի Մետրոպոլիային, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ։
Երեկոյին ընթացքին ֆրանսահայ անուանի շէֆ խոհարար եւ «Միշլէն» աստղի դափնեկիր Ալէն Ալեքսանեան շուրջ 200 հրաւիրեալներու ներկայացուց ուտեստներու եւ գինիներու իւրայատուկ համադրութիւններ, որոնք կը շեշտէին հայկական կենսաբազմազանութեան հարստութիւնը։
Ճաշացանկը կազմուած էր թարմ, եղանակային եւ տեղական ծագում ունեցող մթերքներէ՝ բացայայտելով հայկական խոհանոցին բնորոշ համերը, որոնք կը միաւորեն նրբաճաշակութիւնը եւ երբեմն նաեւ հաճելիօրէն անակնկալ համադրումները։
Բոլոր ուտեստները զուգորդուած էին «Հին Արենի»ի նրբահամ գինիներով, որոնք արժանացած են ոսկէ մետալի։ Հաստատութեան փիլիսոփայութեան հիմքը եղած է գինեգործական պատմական ժառանգութեան պահպանումն ու տարածումը՝ աշխարհին ներկայացնելով հայկական հազարամեայ հողին ուժն ու պարգեւած բարիքները։
Այս երեկոն առիթ մըն էր անգամ մը եւս ընդգծելու, թէ հայկական կենսաբազմազանութիւնը, աւանդական խոհանոցը եւ գինեգործական ժառանգութիւնը փոխկապակցուած արժէքներ են, որոնց պահպանումն ու միջազգային ճանաչումը կարեւոր նշանակութիւն ունին Հայաստանի մշակութային եւ տնտեսական ապագային համար։

4.jpg)

