Լիբանանցիներ արտակարգ իրավիճակի մը առջեւ յայտնուած են տոլար գնելու համար ստիպուած եղած են վճարել 2000 լիբանանեան ոսկի։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ Lebanon 24 կայքը նշելով նաեւ, որ երկրին մէջ առկայ անորոշութենէն օգտուելով կարգ մը լումայափոխներ տոլարը վաճարած են 2000 լիբանանեան ոսկիի։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի արդէն իսկ ոչ բնականոն հունի մէջ գտնուող ելեւմտական ոլորտը ընդհանրապէս կրնայ փլուզուիլ։
Յիշեցնենք, որ նախքան բողոքի ցոյցերու ալիքին սկսիլը Լիբանանի մէջ տոլարը կը վաճարուէր մինչեւ 1550 լիբանանեան ոսկիի, իսկ պետութեան կողմէ սահմանուած սակն էր 1515 լիբանանեան ոսկի։