image

Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւն ՝ Ժընեւի մէջ

Ծխական Խորհուրդի ընտրութիւն ՝ Ժընեւի  մէջ

Զուիցերիոյ   ազգային Առաջնորդարանի  դիւանէն ստացած  ենք  տեղեկութիւն,   ծխական  նոր խորհուրդի    ընտրութեան  վերաբերեալ։

Այդ  առթիւ   հրապարակուած է հաղորդագրութիւն,  զորս կը ներկայացնենք  ստորեւ։

 

 

   Սիրով կու գանք տեղեկացնելու թէ` Կիրակի 1 Յուլիս 2018-ին, Ժընեւի Ս. Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագը` ձեռամբ Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանի:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ ներքեւի սրահին մէջ խաղաղ ու համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի տարեկան անդամական ժողովը ու հաշուետուութիւնը:

Ժողով բացուեցաւ Տեղապահ Հայր Սուրբին աղօթքով: Ժողովի Ատենապետութիւնը վարեց Տիկին Թալին Աւագեան,իսկ քարտուղարութիւնը ստանձնեց Տիկին Մետա Խաչատրեան: Ներկայ էին 70 եւ աւելի անդամներ: Ժողովի աւարտին  ներկայ Ծխական խորհուրդի անդամները 6 տարուան պաշտօնավարութենէն յետոյ ներկայացուցին իրենց հրաժարականը ու չառաջադրուեցան:  Նոր առաջադրուած  9 անդամներ ժողովին մասնակից բոլոր ներկայ անդամներու համաձայնութեամբ  ընտրուեցան որպէս Ծխական խորհուրդի նորընտիր անդամներ պաշտօնավարելու 3 տարուան  շրջանի համար` վերընտրուելու իրաւունքով:

          Տեղապահ Հայր  սուրբը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հին խորհուրդի անդամներուն որոնց հետ չորս ու կէս տարիներ միասին աշխատեցաւ: Ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց նորընտիր անդամներուն, մաղթելով անոնց յաջողութիւն ու Աստուծոյ օգնութիւնը իրենց այս նուիրական առաքելութեան մէջ:

 

Դիւան Զուիցերիոյ Առաջնորդարանի  

                Ժընեւ    01.07.2018